Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թանիա Քասիսի «Մոմերու Լոյսով Համերգ» Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եւ Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

April 7, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի Եւ Սրտերու Լուսաւորում Աւետման Տօնին Առիթով, Խորհրդանիշ` Խաղաղութեան Ներդաշնակութեան Եւ Համայնքներու Միասնականութեան

Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցին երկուշաբթի, 24 մարտին հիւրընկալեց միջազգային երգչուհի Թանիա Քասիսը բացառիկ համերգով` Աւետման տօնին առիթով, որ Լիբանանի մէջ ունի իսլամա-քրիստոնէական ազգային նշանակութիւն:

Այս համերգը կը հանդիսանայ աթոռանիստ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65-ամեակին նուիրուած եզրափակիչ ձեռնարկ, ինչպէս նաեւ` բացում-մեկնարկը «Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» նշանաբանի ներքեւ 2025-2026 տարուան ծրագիրներուն:

Եկեղեցին ողողուած է մեղմ ու հոգեպարար լոյսով հարիւրաւոր մոմերու, որոնք կը լուսաւորէին խորանն ու դասը: Տարբեր երաժշտական կատարումները ներդաշնակօրէն յաջորդեցին իրարու` արձագանգելով եկեղեցւոյ բարձր պատերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ փոխանցելով խաղաղութեան, միասնութեան եւ յոյսի ուղերձներ` բոլոր լիբանանցիներուն ու Լիբանանը սիրողներուն:

Թանիա Քասիս իր բացառիկ ձայնով կատարեց իր բազմազան երգացանկը, ներառեալ` իր յայտնի «Ուաթանի» երգը, ինչպէս նաեւ` «Հըլըմ ուաթան», «Շու պըթմաննա», «Քլնա պըլ հայ», (Bel Hayy) եւ «Թրապաք եա Լըպան»: Ան նաեւ ներկայացուց իր խորհրդանշական «Ave Islamo-Chrétien»-ի նոր տարբերակը` հարստացուած իսլամական «Mawlay» երգով, զոր կատարեց Մույին Զաքարիան:

Թանիա Քասիս առաջին անգամուան համար երգեց Զատիկի իր նոր աղօթքը` «Նուր էլ Քիյամա», ինչպէս նաեւ քանի մը լեզուներով յայտնի երգերու ընտրանին` արտացոլացնելով լիբանանեան հիւսուածքին համար այդքան թանկ բազմամշակութային զանազանութիւնն ու հարստութիւնը: Այս երաժշտական պահը, ի դէմս հայ կաթողիկէ համայնքին` լայնախոհ եւ աջակցող լիբանանեան բոլոր բաղկացուցիչ համայնքներուն հանդէպ, կը պարունակէր «Quand On n’a Que l’Amour», «I Believe», «Imani Sate3», «Btetloj el Dini» երգերը, ինչպէս նաեւ` նշանաւոր «Հայաստան երկիր դրախտավայր» երգը, որ բացառիկ ձեւով կատարեց հայերէնով:

«Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» թեմայի ներքեւ, աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան շարք մը նախաձեռնութիւններ`

  • Ապրիլի 25-ին` Զիատ Պարուտի դասախօսութիւնը,
  • Ապրիլի 26-ին` Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգը,
  • Մայիսին` մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի դասախօսութիւնը:

«Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» թեման կը խորհրդանշէ բնաբանը կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս- պատրիարքին, որուն մարմինը 2024-ի սեպտեմբերէն ի վեր կը հանգչի այդ եկեղեցւոյ մէջ:

Նշենք նաեւ, որ 2025 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն իրադարձութիւնը հոկտեմբեր 19-ին, երբ Հռոմի մէջ պիտի կատարուի երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ երանելի Կոմիտաս Քէօմուրճեանի սրբադասման արարողութիւնը:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները ունենալու համար հետեւեցէք հետեւեալ էջերուն`

Facebook` «St Elie – St Gregory Armenian Catholic Cathedral»

Instagram` «st.gregory_st.elie».

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (5 Ապրիլ 2025)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.