Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թագադրութեան Տուչութիւն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Զմմառու Վանքի Նորընտիր Մեծաւոր Մաշտոց Ծ. Վ. Զահթէրեանի

Ապրիլ 15, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց գահակալ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի, 5-6 ապրիլին տեղի ունեցաւ Զմմառու 33-րդ մեծաւորի թագադրութեան տուչութեան փառաշուք արարողութիւնը:

Շաբաթ, 5 ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին մայրավանքի Փոխման Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք հոգեւոր տիրոջ ձեռամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի նորընտիր մեծաւոր Մաշտոց ծ. վրդ. Զահթէրեանին շնորհուեցաւ թագադրութեան տուչութիւն:

Հոգեւոր տէրը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի վիրապի տօնին առթիւ` Զմմառու մէջ խնամքով պահպանուած Հայոց Լուսաւորչի ծնկոսկրով օրհնեց հաւատացեալները:

Արարողութենէն ետք վանքի դահլիճին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունուեցան:

Կիրակի, 6 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառու եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց եւ  քարոզեց օր մը առաջ թագադրութիւն ստացած Մաշտոց ծ. վրդ. Զահթէրեանը` առընթերակայութեամբ Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի եւ Վարդան վրդ. Ճալլուֆի:

Պատարագիչը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ ոսկի տառերով արձանագրուած անցեալի եւ նորագոյն պատմութեան երկու սուրբերու վարքը` ըսելով.

«Անոնք հայ իրականութեան մէջ անկիւնադարձային դերակատարութիւն ունեցան` նոր շունչ եւ աւիւն պարգեւելով հայուն: Սուրբերու աւանդին շնորհիւ` հայը ունեցաւ իր ուրոյն դիմագիծը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուեցաւ: Առաջինը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն է, որուն Մուտն ի վիրապի տօնը կը նշենք»:

Մեծաւորը զուգահեռ մը գծեց Քրիստոսի գերեզմանին յաջորդող հրաշափառ յարութեան ու Գրիգոր Պարթեւի` վիրապին յաջորդող լուսաւորութեան` «Որոնց շնորհիւ մարդկութիւնն ու հայ ժողովուրդը ընթացան ճշմարտութեան ճանապարհով` հասնելու երկնային արքայութեան»:

Մաշտոց ծ. վրդ. Զահթէրեան աւելցուց. «Երկրորդը երանելի Իգնատիոս Մալոյեանն է: Անոր սրբադասման աւետիսը Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը 28 մարտ 2025-ին ստորագրած հրամանագրով հռչակեց:

Մալոյեան` Հայոց ցեղասպանութեան դաժան օրերուն նահատակուած, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան է: Մալոյեանի սրբադասմամբ համայն աշխարհը ականատես եղաւ` Վատիկանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան անթաքոյց ընդունմանը, եւ որ` արդարութիւնը վաղ թէ շուտ կը բացայայտուի»:

Ապա մեծաւորը շնորհակալական խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սրբադասման գործընթացին:

Ան իր քարոզը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով` այս անգամ իր մեծաւորութեան պատուաբեր, միեւնոյն ժամանակ չափազանց պատասխանատու լուծին արժանանալու գործին, իրեն նեցուկ եւ քաջալեր հանդիսացած բոլոր մարդոց:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք պատարագիչը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ծնկոսկրով օրհնեց ներկաները:

Այնուհետեւ վանքի դահլիճին մէջ նորընտիր վարչութեան անձնակազմը` ի դէմս մեծաւոր հօր, ընդունեցին շնորհաւորութիւններ:

 

Նախորդը

Թուրքերուն Ճնշող Մեծամասնութիւնը Օտար Երկիրները Թշնամի Կը Նկատէ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Լիբանանի Եւ Հայութեան Համար Զոհուածներու Յիշատակին Յարգանքի Հաւաք

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?