Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Յարաբերական Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթը Իր Շուրջ Համախմբեց Միութեան Առաքելութեան Հաւատացողները

April 7, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ը լիբանանահայ գաղութի պատմութեան թէ՛ դժնդակ, եւ թէ լաւ օրերուն միշտ պատնէշի վրայ եղած է ու իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործած` հասնելով լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն: ԼՕԽ-ը ունի բազմաճիւղ եւ նուիրական գործունէութիւն, որուն յաջողութեան համար հիմնական դերակատարութիւն ունի հայորդիներուն բարոյական ու նիւթական նեցուկը: Այս իրականութենէն մեկնած է, որ տարեկան դրութեամբ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը իր աշխատանքներու ծիրին մէջ կը կազմակերպէ յատուկ ճաշկերոյթ, որպէսզի նիւթական ապահովէ միութեան, ինչպէս նաեւ առիթը ծառայեցնէ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան միութեան աշխատանքին ու իրենց ներդրումով կը սատարեն անոր երթին շարունակութեան:

ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը  լիբանանեան յայտնի պայմաններուն պատճառով որոշ ընդհատումէ ետք դարձեալ կազմակերպեց իր տարեկան ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 մարտ 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Լը Ռոյալ» պանդոկի «Տը փըրլ» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Սեւան Պաղճեանի:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հայերէն լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Սամուէլեան գոհունակութիւն յայտնելով, որ երկրի կացութեան պատճառով որոշ շրջան մը ընդհատուած այս աւանդական նախաձեռնութիւնը կարելի եղաւ վերականգնել: Ան ողջունեց ներկաները, որոնք տարիներ շարունակ գործնական կերպով փաստեցին, որ իրենք մեծ հաւատք ունին միութեան հանդէպ եւ նեցուկ են անոր առաքելութեան` յոյս յայտնելով, որ այս անգամ եւս կարելի կ՛ըլլայ յաջողութեամբ պսակել այս նախաձեռնութիւնը եւ զայն ծառայեցնել իր նպատակին: Յասմիկ Սամուէլեան յարաբերական յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահ Սեւան Պաղճեանին, որ սիրայօժար կերպով իր ներդրումը կը բերէ ձեռնարկին յաջողութեան:

Արաբերէնով խօսք առաւ յարաբերական յանձնախումբի անդամ Քարոլին Թերզեանը, որ ըսաւ, թէ ներկաները ապացոյց են, որ մեծ է անոնց հաւատքը 95-ամեայ ԼՕԽ-ի ծաւալած գործունէութեան նկատմամբ: Ան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի բարեկամներուն եւ հարազատներուն այս կեցուածքը ուժ կու տայ միութեան` յաւելեալ վճռակամութեամբ շարունակելու նուիրական երթը:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով Ցոլինէ Յակոբեան ներկայացուց հայկական եւ օտար զանազան երգեր՛ ջութակի ընկերակցութեամբ Սագօ Աւագեանի:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ Թալին Մունջօղլեան, որ ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբին անունով յուշանուէր մը փոխանցեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յարաբերական յանձնախումբի վերջին 20 տարիներու ատենապետ Յասմիկ Սամուէլեանին, որ զանազան յանձնախումբերու ընդմէջէն գործած է ԼՕԽ-ին ի նպաստ՛ մղիչ ուժ հանդիսանալով եւ կորով փոխանցելով իր յանձնախումբի անդամներուն եւ միութենականներուն:

Այնուհետեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` ԼՕԽ-ի մարդասիրական եւ կրթական առաքելութեան ի նպաստ:

Յասմիկ Սամուէլեան, Սեւան Պաղճեան
Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նշմար. «Բաղնիքին Մէջ Կապուելիք Խենթ Մը Կայ…»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.