Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Հանրութեան Ներկայացուց Հայ Ձեռարուեստի Գոհարները

April 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, այս տարի եւս պահեց իր աւանդութիւններու կարգին նկատուող նախաձեռնութիւններէն հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսը` նշանաբան ունենալով «Հայկական ձեռագործները եւ ասեղնագործութիւնը պահպանել եւ զանոնք փոխանցել նոր սերունդի հայուհիներուն»:

Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ` ներկայութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ականներու:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ԼՕԽ-ը, հակառակ բազում դժուարութիններուն, կառչած կը մնայ ազգային աւանդութիւններուն` այս ցուցահանդէս-վաճառքով ներկայացնելով ամէնէն նուրբ մշակութային գանձերը:

Ան աւելցուց, որ հայերու կողքին, մեր օտար բարեկամները եւս իրենց այցելութիններով ոչ միայն կը ծանօթանան եւ կը հիանան մեր մշակոյթին, այլ նաեւ գնումներով եւ նիւթական մասնակցութեամբ կը  քաջալերեն ԼՕԽ-ը:

Ապա  ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ձեռարուեստի կեդրոնին տարած աշխատանքը: Իր խօսքի աւարտին Թ. Ուրիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ իր գնահատանքը յայտնեց նման նախաձեռնութեան համար եւ դրուատեց պատրաստողները: Ան դիտել տուաւ, որ մեծ պարտականութիւններ դրուած են մեր ուսերուն մասնաւորաբար մեզի յանձնուած աւանդը պահպանելու իմաստով` աւելցնելով, որ մեծ պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուինք հաւասարապէս բոլորս: Սրբազանը հաստատեց, որ ԼՕԽ-ի ընդարձակ գործունէութեան մէջ անկասկած ճաշակաւոր անկիւն մըն է այս ձեռարուեստի աշխատանոցը, ուր կը պահպանուին առաւելաբար հայրենի մեր աւաններուն մէջ զարգացած արուեստի աշխատանքները, որպէսզի ոչ միայն անոնք չկորսուին եւ ոչ միայն մեր տուները զարդարեն, այլեւ` իբր սրբազան աւանդ` փոխանցուին գալիք սերունդներուն, որպէսզի ապրին եւ առաւել եւս ծաղկին նոր շնորհքներով եւ նոր շունչով:

Շահէ արքեպիսկոպոս դիտել տուաւ, թէ դիւրին գործ չէ, մասնաւորաբար երբ կ՛անդրադառնանք, որ այս աշխատանքը կը յարատեւէ դժուար պայմաններու մէջ: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը գովելի է իր գիտակցութեան մէջ, աւելցնելով սակայն, որ բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, որ մեր առօրեայէն ներս շատ բան փոխուած է: Քիչ մը հեշտութեամբ սկսած ենք վարժուիլ ամէն նորաձեւութեան հետ, ամէն ինչ կ՛որդեգրենք` մոռնալով, որ մեր ունեցածը աւելի հարազատ է, աւելի թանկագին է եւ նոյնիսկ ներկայ ժամանակներուն աւելի յարգի եւ աւելի գեղեցիկ է, քան ինչ որ հրապարակն ու շուկան այսօր մեզի կը հրամցնեն: «Պարզապէս պէտք է յարատեւել եւ հաւատալ, թէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ այս բոլորը շատ աւելի դիւրութեամբ կարելի է հրամցնել մեր հասարակութեան, հաւատալով, որ կը գնահատուի այն, ինչ որ մեծ ճիգով կը պատրաստուի եւ կը հրամցուի հանրութեան», հաստատեց սրբազանը`  վստահեցնելով, որ դարձեալ պիտի գան այն օրերը, երբ մեր ժողովուրդը պիտի վերականգնէ իր գիտակցութիւնը, որպէսզի այդ գիտակցութեամբ վերարժեւորէ իր ունեցած ցեղային արժէքները եւ անոնցմով իր կեանքը վերայարդարէ, վերստին ծաղկի եւ վերստին փայլի իր միջավայրէն ներս: Եզրափակելով իր խօսքը` Շահէ արք. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ին, որ  հոգածութեամբ կը պահէ այն, ինչ որ նուիրական է, նաեւ սիրով զայն կը հրամցնէ հանրութեան ի վայելումն բոլոր անոնց, որոնք գիտեն գնահատել ձեռքի աշխատանքը, արուեստի շունչը եւ շնորհքը:

Ապա ներկաները դիտեցին ցուցադրուած հայկական ձեռագործներու գեղեցիկ նմուշները, որոնց կարգին` հայկական շունչ կրող յարմարաւէտ նուէրներ եւ խորհրդանշական կտորներ:

Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ  ուրբաթ, 4 եւ շաբաթ, 5 ապրիլին, հայերու կողքին հայկական ասեղնագործական նմուշները դիտեցին եւ անոնց մանրամասնութիւններուն ծանօթացան նաեւ օտարներ:

Նախորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին Ա.

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆինիքս Դուրս Մնաց Փլէյ-Օֆէն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.