Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, ուրբաթ, 28 մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանին նուիրուած ողջերթի երեկոն` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, արուեստագէտներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ նշեց, թէ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեան տարիներ շարունակ եղած է երաժշտական քոլեճի սիւներէն մէկը, որ իր ղեկավարութեամբ, յատուկ նուիրումով եւ բարձրորակ ուսուցումով ձեւաւորած է սերունդներ, որոնք այսօր մեր մշակութային կեանքի անբաժան մասնիկներն են: Ան հաստատեց, որ այս հաւաքը միայն հրաժեշտ չէ, այլ նաեւ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` մայեսթրոյի տարիներու գործունէութեան եւ կարեւոր ներդրումին:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի կեդրոնները միայն քարեղէն կառոյցներ չեն, այլ մեղուանոցի նման են, ու այնտեղ հայ արուեստ ու մշակոյթ, հայեցի ու մարդկային դաստիարակութիւն կը սերմանուին եւ լուսաբեր ճամբայ կը դառնան նորահաս սերունդին համար` դէպի կեանքի ու արուեստի նոր հանգրուաններ:
Երկանեան-Քէշիշեան յայտնեց, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տարեգրութեան մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած է մայեսթրօ Կարօ Աւեսեան, որ քոլեճին մէջ 17 տարիներ եղած է ժրաջան դասախօս ու աշակերտական նուագախումբի ղեկավար: Ան ըսաւ, որ Աւեսեան 2009-ին վերստեղծած է աշակերտական նուագախումբը, եւ իր ղեկավարութեամբ մեր աշակերտները ոչ միայն ունեցած են երաժշտական համատեղ կատարողական փորձառութիւն եւ մասնագիտական աճ, այլեւ ապրած են ընկերային հայեցի համախումբ ու գեղեցիկ կեանք, որ վստահաբար անջնջելի պիտի մնայ իրենց յիշողութենէն:
Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէնը յայտնեց, որ կեանքի պայմաններու բերումով, Կարօ Աւեսեան շուտով պիտի հաստատուի Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի գտնուի նոր հորիզոններու դիմաց եւ վստահաբար պիտի նուաճէ նոր յաջողութիւններ: Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան նշեց, որ քոլեճին մէջ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի դասաւանդած երաժշտութեան պատմութեան եւ տեսութեան դասանիւթերը այսուհետեւ պիտի դասաւանդեն մայեսթրոներ Միսաք Պաղպուտարեան եւ Զաքար Քէշիշեան: Ան աւելցուց, որ Դամասկոսի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի նուագախմբային բաժանմունքի վարիչ եւ սենեկային երգչախումբի խմբավար մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան ստանձնած է նաեւ քոլեճի աշակերտական նուագախումբին ղեկավարութիւնը:
Հաւաքին իր սրտի խօսքը արտասանեց մայեսթրօ Կարօ Աւեսեան, որ ներկայացուց Համազգայինի մէջ իր անցնող տարիներու գործունէութիւնը` շեշտելով, որ նուագախումբի յաջողութեան մէջ էական բաժին ունեցած էր հանդիսատեսի քաջալերական արձագանգը, որ իր դրական մօտեցումով խումբը կը բարձրացնէր, եւ այդ լռելեայն երկխօսութեամբ շարունակականութիւնը կ՛ապահովուէր նուագախումբին, որ այսօրուան հասկացողութեան մէջ աշակերտներուն համար անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ ուսանողները նուագախումբի մէջ նուագելով` շատ աւելի երաժշտական նիւթերու կը ծանօթանան, կը նուագեն եւ կարեւոր փորձառութիւն կ՛ունենան:
Աւեսեան յոյս յատնեց, որ երաժշտական քոլեճի նուագախումբը շուտով կը վերածուի սիմֆոնիք նուագախումբի` իր երաժշտական եւ մշակութային պատգամը հասցնելով աւելի մեծ հասարակութեան: Ան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան` տարիներու գործակցութեան եւ հասկացողութեան համար: Աւեսեան ըսաւ, որ Համազգայինի կամաւոր բանակը յամառօրէն, առանց նահանջի ու զիջումի եւ յստակ նպատակասլացութեամբ կ՛ընթանայ յառաջ ու կ՛արձանագրէ նորանոր նուաճումներ, որոնցմէ մէկն է քոլեճին նուագախումբը:
Այս առիթով, ողջերթի երեկոյի ընթացքին տարբեր առիթներով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտական նուագախումբը` խմբավարութեամբ նախկին եւ ներկայ խմբավարներուն:
Աւարտին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան եւ դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան յուշանուէր մը յանձնեցին Կարօ Աւեսեանին` առ ի գնահատանք իր բազմամեայ ու կարեւոր ներդրումին: