Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Լիբանանի Եւ Հայութեան Համար Զոհուածներու Յիշատակին Յարգանքի Հաւաք

April 15, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առիթով, կիրակի, 13 ապրիլ 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց պատանիները Շաղզոյեան կեդրոնէն քայլերթով ու մոմերով մեկնեցան Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշակաթող` յարգելու համար Լիբանանի եւ հայութեան համար զոհուածներուն յիշատակը:

Յուշակոթողին դիմաց, պատանեկան միութիւններու անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անունով խօսք առաւ պատանի Լիլիթ Տէմիրճեան, որ ըսաւ, թէ` «Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ` Պուրճ Համուտի սրտին մէջ, Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց, յիշատակելու եւ խոնարհութեամբ յարգելու Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին 50-ամեակը` ոչ միայն որպէս անցեալի ողբերգական էջ մը, այլ` որպէս կենդանի վկայութիւն ա՛յն տոկուն ոգիին, որ մեր ժողովուրդը ցոյց տուաւ այդ մութ օրերուն»: Ան աւելցուց. «Մեր թաղերու ինքնապաշտպանութեան մէջ ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորող մեր զոհուած հերոս տղաքը չըսին «ես», այլ ըսին` «մենք», ու իրենց մինչեւ վերջին արեան կաթիլը պայքարեցան, որպէսզի խաղաղ ապրին հայահոծ շրջաններու բնակիչները, որպէսզի հայութիւնը մնայ»:

Տէմիրճեան նշեց, որ պատերազմէն 50 տարի ետք մենք` նոր սերունդը, դաշնակցական պատանիները, ունինք պարտաւորութիւն ու վեհ կոչում` պահելու նո՛յն ոգին ու նո՛յն կրակը, որով ապրեցան մեր հերոսները, քաջարի տղաքը, նաեւ` պահպանելու մեր հայկականութիւնը, մեր թաղերը, աւանդութիւնները, արժէքները, մշակոյթը, մեր դատը եւ մեր սուրբ հայրենիքը: Տէմիրճեան ըսաւ. «Տէր կանգնինք մեր խիզախ տղոց ու նահատակներով վերապրած հայահոծ շրջաններուն եւ ի մասնաւորի` Պուրճ Համուտին»:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի զոհուածներուն յիշատակին նուիրուած յարգանքի հաւաքը փակուեցաւ Հայ կամաւորական գունդերու քայլերգով:

Նախորդը

Թագադրութեան Տուչութիւն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Զմմառու Վանքի Նորընտիր Մեծաւոր Մաշտոց Ծ. Վ. Զահթէրեանի

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Փիասթրի Շահեցաւ Պահրէյնի Կրան Փրին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.