ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակը նշուեցաւ մեծ շուքով` մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հանդիսաւոր կալա-ընթրիքին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 29 մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի «Ֆենիսիա ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկի մեծ դահլիճին մէջ (Phoenicia Intercontinental Hotel Beirut – Grand Ballroom):
Ներկայ էին` պատուոյ նախագահ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ, որոնք յատկապէս այս հանդիսութեան մասնակցելու համար արտասահմանէն ժամանած էին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետն ու անդամներ, Լիբանանի խորհրդարանի ներկայ եւ նախկին հայ երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, Լիբանանի այլ մասնաճիւղերու ատենապետներ, անդամներ եւ մասնաճիւղի վեթերան անդամներ:
Կալա – ընթրիքը անցաւ ընկերական մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, իսկ հայրենի արուեստագէտները յաւելեալ փայլք տուին երեկոյթին ու ճոխացուցին մթնոլորտը:
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենադպիր Լիւսիկ Աֆարեանը: Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, որ եղած է ու կը մնայ ծառայութիւն` ազգին ու հայրենիքին, իսկ Պէյրութի մասնաճիւղը իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցած է համալիբանանեան միութենական առաքելութեան մէջ:
Ան ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը հարիւր տարիներէ ի վեր հաստաբուն կաղնիի նման կանգուն է` միշտ երիտասարդ ու աշխուժ. անիկա տուած է վաստակաշատ մարզիկներ, երախտաւորներ եւ շքանշանակակիրներ, որոնք իրենց անջնջելի կնիքը դրած են ՀՄԸՄ-ի փառապանծ տարեգրութեան մէջ»:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Զաւէն Տէր Պետրոսեան: Ան անդրադարձաւ միութեան եւ մասնաճիւղին տարած ազգապահպանման գործունէութեան եւ շեշտեց մասնաճիւղին վճռակամութիւնը` շարունակելու դէպի պանծալի ապագայ:
Ան ըսաւ. «ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղը արդէն թեւակոխած է իր գոյութեան 101-րդ տարին` իր ետին ձգելով հարիւր փառաւոր տարիներու աւանդ` նուիրուած հայ սերունդներու դաստիարակութեան եւ ղեկավարներու կերտման»:
Զաւէն Տէր Պետրոսեան դիտել տուաւ. «Մեր մասնաճիւղի 100-ամեայ ուղին լեցուն էր յաջողութիւններով, յաղթանակներով եւ փառաւոր հանդիսութիւններով, բայց նաեւ` աննախընթաց մարտահրաւէրներով եւ ծանր խոչընդոտներով, որոնք որեւէ ուրիշ միութեան մը անկումին կամ լուծարման կրնային յանգեցնել, բայց ՀՄԸՄ Պէյրութը չեղաւ որեւէ այլ միութիւն. իւրաքանչիւր անգամ, որ մեր ակումբը վնասուեցաւ, ան վերաշինուեցաւ, իւրաքանչիւր անգամ, որ քաղաքի հայութիւնը գաղթեց, վերապրողները անդամ առ անդամ վերակազմաւորուեցան: Այսօր կը տօնենք մեր 100-ամեակը` շնորհիւ այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք երբեք չյուսահատեցան եւ փիւնիկի նման մոխիրներէն վերակերտեցին մեր մասնաճիւղը»:
Իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները, որոնք իրենց յուշերով վերապրեցուցին անցեալի քաղցր յիշատակները:
Պաշտօնական եւ սրտի խօսքերուն նախորդեց ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի պատմական տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:
Նուիրատուութիւններէն գոյացաւ ակնկալուածէն աւելին, որ աւելնալով նախապէս կատարուած նուիրատուութիւններուն վրայ` հասաւ պատկառելի գումարի մը, զոր մասնաճիւղի վարչութիւնը խոստացաւ յատկացնել քաղաքի ակումբի վերանորոգութեան աշխատանքներուն, նոր մարզախաղերու կիրարկման եւ պասքեթպոլի աքատեմիի հիմնադրութեան:
Բարի երթ կը մաղթենք մեր ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին եւ մեր հայեացքները կը մնան յառած դէպի նոր ու պայծառ 100-ամեակ:
ԹՂԹԱԿԻՑ