ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն 50 տարի ետք, շարք մը հանգրուաններու փաստուեցաւ, թէ կռիւի ու զէնքի լեզուով խօսիլ մերժելը եւ դրական չէզոքութեան ընտրանքը մեր հայրենիքին` Լիբանանի համար լաւագոյն ընտրանքն էր:
«Կը յուսանք, որ մեր հայրենիքը իբրեւ ուրիշներու պատերազմներու եւ ներքին կռիւի հարթակ չարիւնի, եւ երկխօսութիւնը լիբանանցիները միաւորէ պետութեան, հայրենիքին ու քաղաքացիութեան շուրջ»: