Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Ուխտի Օր. Հայ Եկեղեցւոյ Ճամբով Սուրբ Լուսաւորիչի Լոյսի Առաքելութիւնը Կը Շարունակուի

April 7, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի ղօղանջներուն ներքեւ, հայրապետական շքեղ թափօրը, իր շարքերուն մէջ ունենալով դպրեվանքի սաները, Կիլիկեան ուխտի միաբանութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ժտէյտիի սկաուտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, հայ եկեղեցւոյ երկրորդ լուսաւորիչին` Սուրբ Գրիգորի օրհնաբաշխ Աջով եւ այլ սուրբերու սրբազան մասունքներով շրջեցաւ մայրավանքին շրջափակը` պահելով երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին հաստատած Անթիլիասի Ուխտի օրուան գեղեցիկ աւանդութիւնը:

Արդարեւ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

«Որքա՜ն գեղեցիկ է Քու բնակարանդ, Տէ՜ր զօրութեանց: Ամբողջ հոգիով կը ցանկամ այստեղ` գաւիթներուդ մէջ, բնակիլ: Սիրտս ու հոգիս Քեզ կ՛օրհնաբանեն, ո՜վ անկարօտ Աստուած» սաղմոսին բառերը արտասանելով` սրբազան հայրը իր գոհութիւնն ու փառքը յայտնեց Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ պարգեւեց Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով միատեղ հաւաքուելու: Ան դիտել տուաւ, որ Լուսաւորիչին Խոր Վիրապ մուտքին ու չարչարանաց յիշատակը առիթ է պատմութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու. «գէթ մեր ժողովուրդը պէտք է յիշէ, որ 301 թուականին մեր ազգը Աստուծոյ ճանաչողութեան տանելու համար, Խոր Վիրապի խաւարէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցով Տէրը մեզի պարգեւեց Իր անվախճան լոյսը», ըսաւ ան: Շահէ սրբազան իր քարոզին մէջ հաւատացեալներուն փոխանցելով «Անթիլիասի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի խնկելի շունչն ու յիշատակը կը թեւածեն» գեղեցիկ պատկերը` յայտնեց, որ այս առիթը մեր ժողովուրդին կը յիշեցնէ, որ հայ կեանքի տեսակաւոր անկումներէն ետք, հայ եկեղեցին ի վերջոյ Անթիլիասի մայրավանքով յաջողեցաւ գտնել ապահով ապաստարան մը, որուն մէջ հաւատարմօրէն կը պահպանուին մեր ժողովուրդին հոգեւոր արժէքներն ու ազգային տեսլականները: Ան մաղթեց, որ կաթողիկոսարանի Ուխտի օրուան առիթով գոհունակութեամբ մեր աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնենք ու Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի պարգեւած Իր այս շնորհքին համար:

Շահէ արքեպիսկոպոս ապա ընդգծեց եկեղեցւոյ կարիքը իր հաւատաւոր զաւակներու սիրոյն ու հաւատարմութեան եւ այս առումով ան թելադրեց, որ մենք մեր եկեղեցին, կառոյցներն ու հաստատութիւնները շրջապատենք սիրով ու հոգածութեամբ, որպէսզի անոնցմով մեր կեանքը ըլլայ աւելի գիտակից ու զօրեղ: Վերջապէս, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Ս. աթոռով տարուած նուիրական աշխատանքը դառնայ աւելի արդիւնաւոր, մեր ժողովուրդին հաւատքը առաւել եւս պայծառանայ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մականը ըլլայ ծաղկուն, միաբանութեան ծառայութիւնը` առաւել նուիրեալ, որպէսզի ծառայական վերանորոգ ոգիով մեր կեանքը պայծառանայ, ի խնդիր եւ ի փառաբանութիւն եկեղեցւոյս ու ազգիս հայոց:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Ս. Լուսաւորիչ հայրապետին Աջով գլխաւորուած եւ բազմաթիւ սրբազան մասունքներով կազմուած մեծաշուք թափօրը շրջեցաւ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ:

Ապա, մայր խորանին վրայ եւ Լուսաւորիչի Աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէք, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց, հայցեց Լուսաւորիչ սուրբ հայրապետին բարեխօսութիւնը եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ Իր հովանիին տակ պահէ մեր ազգը, հայրենիքն ու եկեղեցին:

Նշենք, որ եկեղեցական հոգեպարար արարողութենէն ետք սուրբ խորանի բեմին վրայ զետեղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Սուրբ Սեղբեստրոս ու Սուրբ Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, մինչեւ ուշ երեկոյ, որպէսզի հաւատացեալները ստանան անոնց օրհնութիւնը:

Նախորդը

Օրթէյկըս Լիբանանի Մէջ Ունեցաւ Շինիչ Հանդիպումներ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (7 Ապրիլ 2025)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.