Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ «Բանաստեղծութեան Իշխան» Վահան Թէքէեանի Մահուան 80-Ամեակի Նշում

April 10, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութիւնը 4 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան «Թէքէեան» կեդրոնի 7-րդ յարկի հանդիսասրահին մէջ մեծ շուքով նշեց «Բանաստեղծութեան իշխան» Վահան Թէքէեանի մահուան 80-ամեակը: Թէքէեան հրապարակագիրն ու բանաստեղծը մահացած է Գահիրէ, 4 ապրիլ 1945-ին, անոր  աճիւնը ցարդ կը հանգչի Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին հանդիսավարն էր «Վահան Թէքէեան» վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցիչ Աւետիս Տիպան: Բացման խօսքը ներկայացուց Գարէն Բարսեղեան: Ողջոյնի յաւուր պատշաճի խօսքերէն ետք ասմունքող Վարդի Սալխանեան ներկայացուց Թէքէեանի բանաստեղծութենէն գոհարներ: Ապա մտաւորական եւ մանկավարժ Աւետիս Տիպան կարդաց Վ. Թէքէեանի  «Մեր երիտասարդները» խորագրեալ խմբագրականը, այնուհետեւ ան  ներկայացուց օրուան դասախօս, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պարբերականի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը:

Վահան Թէքէեանի կեանքն ու գործունէութիւնը աւելի քան կէս ժամ հանդիսականներուն ներկայացուց օրուան բանախօսը իսկ ներկաները հիացումով կ՛ըմբոշխնէին Թէքէեան բանաստեղծին ոչ շատ հանրածանօթ գործունէութիւնը, որ ան ծաւալած էր` Եւրոպայի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, Մերձաւոր Արեւելքի, Եգիպտոսի, եւ վերջապէս, աշխարհի տարածքին սփռուած հայկական գաղութներուն մէջ:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Միրէյ Քիւթիւքճեան, որ իր  սոփրանօ ձայնով կատարեց Վահան Թէքէեանի գրած «Եկեղեցին հայկական» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարալ Թալաթինեան-Առնելեանի:

Գեղարուեստական բաժինին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ԹՄՄ-ի «Եութ պենտ»-ի մայեսթրօ, սաքսոֆոնահար Վիգէն Չալեանը` իր երաժշտական ստեղծագործութեամբ: Ան պատրաստած էր նաեւ ասմունքի հետ ներկայացուած տուտուկի երաժշտութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ «Վահան Թէքէեան» վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով տեղեկացան բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի կեանքին մանրամասնութիւններուն: Ցուցադրուած էին նաեւ գրողին ակնոցները եւ իր մօտիկ գրչընկեր Միքայէլ Կիւրճեանի գոյժը` Թէքէեանի մահուան առիթով գրուած:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պքերքէ Այցելելով` Սալամ. «Զէնքի Մենաշնորհի Եւ Պետութեան Իշխանութիւնը Իր Սեփական Ուժերով Տարածելու Հարցերը Մօտ Օրէն Նախարարաց Խորհուրդի Սեղանին Վրայ Պիտի Դրուին»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (10 Ապրիլ 2025)

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.