Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի  Եկեղեցւոյ Միութեան Նուիրուած  Միջեկեղեցական Արարողութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Եկեղեցւոյ Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան: Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներուն մէջ հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ յատուկ միջեկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ քարոզներ կը խօսուին` շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը: Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, Պէյրութի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Միջեկեղեցական արարողութեան ներկայ էին հոգեւոր պետեր,...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի նորընտիր երեսփոխանական կազմը, ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ թեմիս անդրանիկ լիագումար ժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները ուրբաթ, 16 յունուար 2015-ին, «Քոսթա Տել Սոլ» պանդոկի «Քազա» սրահին մէջ` նախագահութեամբ թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեանի: Շնորհաւորելէ ետք քուէյթահայութիւնը, որ այս պատմական օրին կը ներկայանայ իբրեւ անկախ թեմական միաւոր, թեմիս Երեսփոխանական ժողովը կը թեւակոխէ յառաջիկայ քառամեակ`...

Հայաշէն.  Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք` Ս. Յովհաննու  Կարապետ Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Հայաշէն. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք` Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց Հայաշէն, ուր եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի Յովհաննէս Մկրտիչին յիշատակով մեր կեանքին համար գտնենք նոր խանդավառութիւն, նաեւ լսենք Աստուծոյ ձայնը եւ զգանք անոր յայտնութիւնը մեր հոգեկան...

Յիշատակի Պաշտամունք` Նուիրուած  Վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին

Յիշատակի Պաշտամունք` Նուիրուած Վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին

Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, երէկ` կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ փառաբանութեան պաշտամունք մը` նուիրուած վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի յիշատակին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութի Մեքսիք փողոց: Յիշատակի պաշտամունքին բացումը կատարուեցաւ նախանուագով մը` Ռիթա Արթինեանի կատարողութեամբ (դաշնակ), որուն ջութակով ընկերակցեցաւ Կալին Հայտոսթեան: Եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Նախկին Նախագահ Ամին Ժեմայէլը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նախկին Նախագահ Ամին Ժեմայէլը

Ժեմայէլ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Երէկ` ուրբաթ, 16 յունուար 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս շրջանի կացութեան եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ իրավիճակին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին Այցելութիւնը «Թռչնոց Բոյն»

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին Այցելութիւնը «Թռչնոց Բոյն»

Չորեքշաբթի, 14 յունուար 2015-ին, «Թռչնոց բոյն» այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան` ուղեկցութեամբ դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Վարդանեանի: Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան, Գայեանեաց միաբանութեան անդամներուն, պաշտօնէութեան եւ աշակերտութեան կողմէ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ եւ ապա աշակերտութեան հետ` սրահին մէջ: Դեսպան Քոչարեան փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորանքներ, ուղղուած` «Թռչնոց բոյն»-ի սաներուն: Այնուհետեւ փոքր յայտագիր մը...

Գիտաժողով

Գիտաժողով

Հովանաւորութեամբ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Նախագահ` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան   Գիտաժողով. Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքներ Եւ Առաջադրանքներ   Պաշտօնական Բացման Բանախօս` Փրոֆ. Մասուտ Տահեր (Լիբանանեան Համալսարանիs Գրականութեան եւ Մարդասիրական Գիտութիւններու Դոկտորական Բաժին)   Հայկական Հարցը Համաշխարհայնացումի Դարաշրջանին. Ներկան Եւ Հեռանկարներ (արաբերէն)   Շաբաթ, 31 յունուար 2015, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:   Գիտաժողովի Յայտագիր   Շաբաթ,...

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Սուրիոյ  Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

«Հայերն այսօր» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 14 յունուարին ընդունեց սուրիահայութեան ներկայացուցիչներ Կարօ Եուզպաշեանը, Գրիգոր Տունկեանը եւ բժիշկ Ներսէս Սարգիսեանը: Քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, երեք տարուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները եւ այդ բոլորին լոյսին տակ Սուրիոյ հայ համայնքին կորուստները, սուրիահայութեան խնդիրներն ու անոնց լուծման առնչուող ծրագիրները, կատարուած նախաձեռնութիւնները: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց հոգեւոր ու...

Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական  Հաստատութիւններու Ժողով.  Գաղութի Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներուն  Նուիրուած Ամանորեան Եւ Ս. Ծնունդի Խրախճանք

Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողով. Գաղութի Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներուն Նուիրուած Ամանորեան Եւ Ս. Ծնունդի Խրախճանք

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ գաղութի երեք համայնքապետերուն եւ կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին, երէկ` հինգշաբթի, 15 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ամանորեան եւ Ս. Ծնունդի խրախճանքը` գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներուն համար: Աւելի քան 200 ծերունիներու ներկայութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան: Ան...

Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ` չորեքշաբթի, 14 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Քաղաքական խորհուրդի անդամներն ու Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր ընդունուեցան քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու մեծամասնութեան կողմէ: Առաջնորդ սրբազանը բարի եւ յաջողութեամբ լեցուն տարի մը մաղթելով` յոյս յայտնեց, որ 2015-ը ըլլայ բարեբեր եւ դրական լիցքերով հարուստ: Ան հետաքրքրուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան...

Մարաշի Հայրենակցական Միութեան  «Գերմանիկ Կեդրոն»-ի  Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Մարաշի Հայրենակցական Միութեան «Գերմանիկ Կեդրոն»-ի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Աննախադէպ խանդավառութիւն կը տիրէր Մարաշի Հայենակցական Միութեան պատկանող շէնքի մուտքին: Փողոցը պատուած էր գորգերով. փողոցը եզերող հայորդիներն ու մարաշցիք ուրախութեամբ կ՛ողջագուրէին զիրար ու կը դիմաւորէին իրենց հիւրերը: Տօնական օր էր ու քիչ մըն ալ աւելին, երբ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ բացումը պիտի կատարուէր  վերանորոգուած «Գերմանիկ կեդրոն»-ին, որուն վերանորոգման աշխատանքները իրականացած են 2012-էն սկսեալ մինչեւ 2014 թուականը: Բացման արարողութենէն առաջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Շաբաթ առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառը այցելուներուն կարգին նաեւ ընդունեց Անտիոքի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքի ներկայացուցիչ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսը: Սալիպա արքեպիսկոպոս վեհափառ հայրապետին փոխանցեց պատրիարքին շնորհաւորութիւնները Ս. Ծննդեան առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ասորի եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուելիք ծրագիրներուն ընդհանուր պատկերը` օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 100 տարիներ առաջ ասորիներուն դէմ կատարուած ջարդերուն նշման առիթով: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան երկու եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները,...

Հաւաք` «Ազդակ» Բացառիկ  2015-ի Հրատարակութեան Առիթով

Հաւաք` «Ազդակ» Բացառիկ 2015-ի Հրատարակութեան Առիթով

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, շաբաթ, 10 յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի 2015-ի բացառիկին աշխատակիցները, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ օրաթերթին անձնակազմը: Արշօ Պալեան Հաւաքին ընթացքին «Ազդակ» բացառիկի խմբագիր Արշօ Պալեան հակիրճ կերպով ներկայացուց բացառիկը` շնորհակալութիւն յայտնելով այդ բացառիկին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր աշխատակիցներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստօրէն  Կը Դատապարտէ Փարիզի Ահաբեկչական  Արարքները Եւ Իր Ցաւակցութիւնը  Կը Յայտնէ Ֆրանսայի Նախագահին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստօրէն Կը Դատապարտէ Փարիզի Ահաբեկչական Արարքները Եւ Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Ֆրանսայի Նախագահին

Երէկ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով դատապարտելէ ետք Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները, ըսաւ. «Մեր եկեղեցին կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ լայնախոհութեան: Մեր եկեղեցին նաեւ յանձնառու է հարցերու խաղաղ լուծման եւ աշխարհի մէջ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն...

Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Վիճակահանութեան Վիճակաձգութիւն

Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Վիճակահանութեան Վիճակաձգութիւն

Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 յունուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ցուցասրահին մէջ` ներկայութեամբ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմին: Պէտք է նշել, որ վիճակահանութեան շահող թիւերը պիտի ստանան 32 արուեստի գործեր, որոնք տրամադրուած են լիբանանցի 32 արուեստագէտներու կողմէ, որոնցմէ մէկ քանին ներկայ էր ձեռնարկին: Վիճակահանութեան հասոյթը...

Հրթիռակոծուեցաւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս.Ռիթա Եկեղեցին

Հրթիռակոծուեցաւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ս.Ռիթա Եկեղեցին

Այսօր, Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին կից գտնուող Սրբուհի Ռիթա եկեղեցին, որուն իբրեւ հետեւանք եկեղեցւոյ կառոյցը մասամբ քանդուեցաւ:                                                          

Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանը` Անթիլիասի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Անթիլիասի Մէջ

Դեսպան Հէյլ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Երէկ առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդականը: Վեհափառ հայրապետին ու դեսպան Հէյլի միջեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի շուրջ: Այս ծիրին մէջ, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուող հարցեր: Վեհափառ հայրապետը նաեւ արծարծեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ այդ առիթով...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Երեքշաբթի, 6 յունուարին, Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ս. պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պետական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ,...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ

Երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ի առաւօտուն, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն նշուեցաւ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը` աշխարհով մէկ տարածուած հայ եկեղեցիներուն մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Հոծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի կողքին, Ս. պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին պետական այրեր եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Խորհրդարանի նախագահ...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Սիմէոն ծերունիի կեանքին եւ Ս. Հոգիին կողմէ անոր ստացած խոստումին, թէ ան չի կրնար մեռնիլ, մինչեւ որ տեսնէ Աստուծոյ կողմէ աշխարհ ղրկուած փրկիչը: Շարունակելով...

Page 363 of 364 1 … 362 363 364

Արխիւներ