Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յունուար 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615_nshan-3Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Սիմէոն ծերունիի կեանքին եւ Ս. Հոգիին կողմէ անոր ստացած խոստումին, թէ ան չի կրնար մեռնիլ, մինչեւ որ տեսնէ Աստուծոյ կողմէ աշխարհ ղրկուած փրկիչը: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը նկատել տուաւ, թէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պէտք է անդրադառնանք, թէ այսօր մեր պապերուն հաւատքով կը գտնուինք այս տաճարին մէջ, որպէսզի անձամբ մեր հոգիին աչքերով տեսնենք փրկիչը, զգանք անոր ներկայութիւնը, որ կը յայտնուի աշխարհին մէջ, որպէսզի մեր կեանքին մէջ մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ տագնապները լուծուին:

Սրբազանը կրկնելով Սիմէոն ծերունիին խօսքը յայտնեց, թէ պէտք է յիշենք, որ Յիսուսին ծնունդը այս աշխարհին մէջ շատերուն համար բարձրանալու եւ զօրանալու առիթ է, իսկ ուրիշներուն համար անկումի եւ քայքայումի պատճառ: «Ո՛ւր ենք մենք մեր հաւատքին մէջ, մեր դաւանած նուիրական սրբութիւններուն դիմաց եւ ի՛նչ հոգիով կը դիմաւորենք միածինը, որ աշխարհ կու գայ երկինքէն երկիր բերելու համար Աստուծոյ սփոփարար սէրը», հարց տուաւ առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ եթէ հաւատքով կը դիմաւորենք Զինք` Ան մեզ նոր կենդանութիւն եւ ոգեւորութիւն կու տայ, մեզ կը բարձրացնէ մեր անկումներէն վեր` առաջնորդելով դէպի նոր հորիզոններ: Բայց եթէ կասկածով կը մօտենանք, պէտք է անդրադառնանք, որ եթէ առանց Աստուծոյ ուղեւորուինք, անպայման ի վերջոյ պիտի սայթաքինք ու պիտի քայքայուինք:

«Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, մենք չենք կրնար անտեսել, որ այս տարի մեզի կը բերէ Հայոց ցեղասպանութեան զարհուրանքներուն 100-ամեայ յիշատակները» հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ 100 տարի առաջ մեր ժողովուրդը կորսնցնելով գրեթէ իր թիւին կէսը, դատապարտուած էր կորստեան եւ ոչնչացումի, եթէ ապրելու կամք եւ հաւատք չկարենար ստեղծել իր մէջ: «Աստուծմէ շնորհուած հաւատքը, անցնող 100 տարիներուն կամք եւ զօրութիւն ներշնչեց մեր ժողովուրդին դարմանելու իր ցաւերը, վերաշինելու իր կեանքն ու իր տունը, վերակազմակերպելու ազգային կեանքը, նաեւ վերստին տիրանալու համար իր ազատութեան եւ անկախութեան», յայտնեց առաջնորդ սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ  միածին որդին նոր կեանքով մը վերանորոգէ եւ վերաշխուժացնէ մեզ գիտակցութեամբ, հաւատքով ու յոյսով` շնորհելով նոր ուժ եւ տեսիլք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւնները ընդունեց Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:

 

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Առիթով Պատարագ Եւ Հաւաք` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
Յուղարկաւորութիւն` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի
Գաղութային

Յուղարկաւորութիւն` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?