Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Վիճակահանութեան Վիճակաձգութիւն

January 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010915vijag-1Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի կազմակերպած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 յունուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ցուցասրահին մէջ` ներկայութեամբ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմին: Պէտք է նշել, որ վիճակահանութեան շահող թիւերը պիտի ստանան 32 արուեստի գործեր, որոնք տրամադրուած են լիբանանցի 32 արուեստագէտներու կողմէ, որոնցմէ մէկ քանին ներկայ էր ձեռնարկին: Վիճակահանութեան հասոյթը պիտի տրամադրուի քոլեճի ֆոնտին եւ կարիքաւոր աշակերտներու:

Ողջոյնի հայերէն խօսքով հանդէս եկաւ Վարդինէ Էթոյեան: Ան  յայտնեց, որ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի գոյատեւումը ապահովելու ծիրին մէջ վիճակահանութեան այս ծրագիրին իրագործումը մեծապէս պիտի նպաստէ վարժարանի վերելքին, որովհետեւ պիտի օժանդակէ խանամիրեանական աշակերտներու, որոնք խոստմնալից տարրեր պիտի դառնան ապագային եւ որոնք փոխադարձաբար պիտի յիշեն նաեւ իրենց վարժարանն ու բաժին բերեն անոր բարելաւման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խնամակալութեան, որ դպրոցի յառաջդիմութեան ու բարգաւաճման համար կը միտի իրագործել զանազան ձեռնարկներ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք սիրայօժար նուիրեցին իրենց գործերը:

Արաբերէնով հանդէս եկաւ Ֆլորա Տեմիրճեան, որ նկատել տուաւ, թէ 1902 թուականին հիմնադրուած դպրոցը մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել շնորհիւ նուիրեալ անձերու, բարերարներու եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են անցեալին ու կը շարունակեն կանգնիլ դպրոցին` յանուն սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան: Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ բարերարներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ դպրոցը կը շարունակէ իր ազնիւ ու վեհ առաքելութիւնը:

Խնամակալութեան անունով անգլերէնով ելոյթ ունեցաւ Ժաքլին Օհանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց 32 լիբանանցի արուեստագէտներուն, որոնք իրենց արուեստի գործերը չվարանեցան տրամադրելու  յանուն սերունդներու կրթութեան ու դպրոցի բարգաւաճման:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանցի արուեստասէր հասարակութեան, որ քաջալերեց ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին` այս երեկոյթին կազմակերպման նպաստելու համար:

010915vijag-2Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն.  յայտարարուեցան արդիւնքները եւ շահող 32 թիւերը ստացան 32 արուեստի գործեր: Երեկոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Շնորհակալութեամբ կը յիշենք արուեստագէտները, որոնց շնորհիւ իրականացաւ ձեռնարկը. Լինտա Պօղոսեան, Զէյնա Պատրան, Էլիաս Տիպ, Լէոնի Փիլարթ, Ժաքլին Օհանեան, Կիւվտեր, Ապլամաուլա Ուէյնի, Զիատ Սաուաֆ, Միսաք Թերզեան, Ինաամ Իսմայիլ, Գրիգոր Յակոբեան, Ժերար Աւետիսեան, Նորմա Ֆըրզլի, Լենա Քելեքեան, Յարութիւն Նիկոլեան, Արա Ասատուրեան, Աշոտ Յարութիւնեան, Ֆաթաթ Պահմատ, Իսսա Հալլում, Գէորգ Ուլաշեան, Այտա Հալլում, Րաֆֆի Թոքաթլեան, Գէորգ Մուրատ, Ժանեթ Եափուճեան, Ռաուֆ Ռիֆայի, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Ռաֆֆի Ետալեան, Տորին Խանամիրեան – Ալ Զէյն, Վահրամ Աղազարեան, Շարլ Խուրի, Կիւլէն Տէր Պօղոսեան, Հրայր:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Գալիքին Ընդառաջ` Գալիքի Գիտակցումով

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստօրէն Կը Դատապարտէ Փարիզի Ահաբեկչական Արարքները Եւ Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Ֆրանսայի Նախագահին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.