Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Յունուար 15, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

11415kaghakԵրէկ` չորեքշաբթի, 14 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Քաղաքական խորհուրդի անդամներն ու Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր ընդունուեցան քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու մեծամասնութեան կողմէ:

Առաջնորդ սրբազանը բարի եւ յաջողութեամբ լեցուն տարի մը մաղթելով` յոյս յայտնեց, որ 2015-ը ըլլայ բարեբեր եւ դրական լիցքերով հարուստ: Ան հետաքրքրուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան աշխատանքներով, անոր դիմագրաւած հարցերով, քաղաքական ներկայ  իրավիճակին լոյսին տակ ծաւալած գործունէութեամբ, առկայ դժուարութիւններով եւ յառաջիկայի ծրագիրներով: Շահէ եպս. Փանոսեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի տարբեր մարզերու մէջ ծաւալած գործունէութիւնը, տարած աշխատանքները եւ դիմագրաւած հարցերը: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման` յոյս յայտնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով այս դպրոցը սկսի գործել` անգամ մը եւս պատգամ փոխանցելով հայութեան վերապրումին եւ գոյատեւման վերաբերեալ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդն ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետը երկուստեք կարեւոր նկատեցին երկու կառոյցներուն մէջ տարուած աշխատանքը, զօրակցութիւն յայտնեցին ծաւալած աշխատանքներուն եւ աջակցութիւն` տարբեր մարզերու մէջ տարուող գործունէութեան:

Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւս կը շեշտէ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման կարեւորութիւնը, հոն ապրող հայութեան վիճակի բարելաւումը անհրաժեշտ կը նկատէ, որովհետեւ Պուրճ Համուտը թէ՛ լիբանանահայութեան եւ թէ՛ համայն սփիւռքահայութեան համար կը հանդիսանայ կարեւոր կռուան` հայութեան գոյատեւման եւ ազգային ջիղի ամրապնդման:

Քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան անդրադարձաւ Սանճաքի քեմփի ծրագիրին եւ անոր առնչուող տեղեկութիւններ փոխանցեց:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայութիւնը, Հայաստանը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը յուզող տարբեր հարցերու:

 

 

Նախորդը

Շփման Գիծին Վրայ Դիտարկումը Ընդհատուած Է Ազրպէյճանցիներուն Կրակոցին Պատճառով

Յաջորդը

Անդրադարձ. 100-Ամեակ Մը Ընդդէմ 100-Ամեակի

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լրատուութեան Ճշգրտութեան Բանալիներէն Մէկուն

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In