Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Յունուար 16, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

10933342_604048899738538_2015352993_n«Հայերն այսօր» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 14 յունուարին ընդունեց սուրիահայութեան ներկայացուցիչներ Կարօ Եուզպաշեանը, Գրիգոր Տունկեանը եւ բժիշկ Ներսէս Սարգիսեանը:

Քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, երեք տարուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները եւ այդ բոլորին լոյսին տակ Սուրիոյ հայ համայնքին կորուստները, սուրիահայութեան խնդիրներն ու անոնց լուծման առնչուող ծրագիրները, կատարուած նախաձեռնութիւնները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց հոգեւոր ու աշխարհական նուիրեալ առաջնորդներուն, մասնաւորապէս հանդիպման ներկայ հիւրերուն ջանքերը, անոնց կատարած հերոսական աշխատանքը, որուն շնորհիւ ծանր, ողբերգական իրավիճակի մէջ գտնուող հայ համայնքը կը մնայ ինքնակազմակերպուած, համախմբուած եւ կը շարունակէ պատերազմական լարուած իրավիճակին մէջ գոյատեւել, պահպանել համայնքային ենթակառուցուածքները: Նախարարը կարեւոր նկատեց կրթօճախներու կենսագործումը` շնորհիւ կրթական գործի կազմակերպիչներուն եւ ուսուցիչներուն մեծ ու անձնուրաց ճիգերուն:

Սփիւռքի նախարարը ներկայացուց Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ այլ խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ պետութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ նախարարութիւնը մեծ հոգատարութեամբ եւ հետեւողականօրէն կը փորձէ օգնել նախարարութեան դիմած ամէն մէկ սուրիահայու:

 

 

Նախորդը

«Չէինք Փափաքեր 1915-ի Դէպքերուն Պատճառով Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Փճացնել» Ըսաւ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Փերմեաքովի Գործով Երեւանի Բողոքի Ցոյցը Աւարտեցաւ Դատախազութեան Շէնքին Մօտ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?