Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաշէն. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք` Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

January 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

11815_1Կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց Հայաշէն, ուր եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի Յովհաննէս Մկրտիչին յիշատակով մեր կեանքին համար գտնենք նոր խանդավառութիւն, նաեւ լսենք Աստուծոյ ձայնը եւ զգանք անոր յայտնութիւնը մեր հոգեկան աշխարհին մէջ: «Աստուած կը գործէ մեզի հետ, բայց անոր ներկայութիւնը զգալու եւ իրմով կարենալ բարեփոխուելու եւ բարեկարգուելու համար պարտինք պատրաստել այն ճամբան, որ դէպի մեր հոգին կը տանի զԱստուած», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ պէտք է մեր մարդկային հաշիւները մաքրենք, մեր հոգեւոր աշխարհին մէջ աճեցնենք առաքինութիւններ եւ եթէ կամենանք կրնանք իսկապէս մեր հոգեկան աշխարհը մաքրազարդել եւ զայն վերածել այնպիսի միջավայրի մը, ուր Աստուած հաճոյանայ բնակիլ:

«Այսօր, երբ այս տաճարէն դուրս ելլենք, արդեօք արդարացա՞ծ տուն պիտի վերադառնանք, արդեօք մեր հոգիներուն մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը պիտի զգա՞նք եւ պիտի գիտակցի՞նք, թէ իրմով նոր խանդավառութիւն գտանք յառաջիկայ մեր օրերուն համար», հարց տուաւ առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պէտք է գիտակցինք, թէ մեր քրիստոնէական սրբութիւններուն եւ մեր ազգային աւանդներուն նկատմամբ անհատապէս ու հաւաքաբար բոլորս ալ պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ ունինք:

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ շեշտեց, որ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պարտինք սթափիլ եւ զգաստանալ, որպէսզի յառաջիկայ բազում ամեակներուն մենք իբրեւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն կարենանք ըլլալ եւ մնալ այն պատնէշին վրայ, որ վայել է մեզի: Սրբազանը եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ Աստուած զօրացնէ հայ եկեղեցւոյ հիմերը եւ իր զաւակներուն պարգեւէ առաւել հաւատք ու յարատեւելու կամք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

 

Նախորդը

Յիշատակի Պաշտամունք` Նուիրուած Վեր. Ռոպեր Սարգիսեանին

Յաջորդը

Անդրադարձ. Էրտողանի Հրաւէրը

RelatedPosts

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Կիպրոսի Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 15, 2026
Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.