Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողով. Գաղութի Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներուն Նուիրուած Ամանորեան Եւ Ս. Ծնունդի Խրախճանք

Յունուար 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11515_tser-1Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ գաղութի երեք համայնքապետերուն եւ կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին, երէկ` հինգշաբթի, 15 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ամանորեան եւ Ս. Ծնունդի խրախճանքը` գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներուն համար:

Աւելի քան 200 ծերունիներու ներկայութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան: Ան հաստատեց, որ բոլոր տարեցները մեզի համար օրհնութիւն են եւ առ այդ, բարեսիրական հաստատութիւնները ճիգ չեն խնայեր անոնց հոգալու, օգնելու եւ ուրախացնելու համար: Ան նկատել տուաւ, որ իրագործումներ կատարելու համար հիմնական է հաւաքական ծառայութիւնը, որուն նպատակն է ժողովուրդին կարիքները հոգալ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վարժարանները. Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ` պար, Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան` երգ եւ պար, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան` կենդանի պատկեր եւ երգ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան երգ եւ նուագ, Նայիրա եւ Լորի` երգ եւ նուագ (կիթառ):

Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ հայր Սեպուհ Կարապետեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ սոյն հաւաքը սիրոյ եւ օրհնութեան հաւաք է, որովհետեւ տարեցները օրհնութիւն են, եւ մենք կարիքը ունինք անոնց աղօթքին: Ան մաղթեց ներկայ տարեցներուն, որ ունենան գեղեցիկ, ուրախ, առողջ եւ սուրբ օրեր` լեցուն Աստուծոյ օրհնութեամբ:

Ազգային եւ գաւառական երգերով ձեռնարկը խանդավառեց Շաքէ Պաղտասարեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր ելոյթին մէջ մաղթեց, որ Նոր տարին բոլորին պարգեւէ խաղաղ, երջանիկ եւ մանաւանդ առողջ օրեր, որովհետեւ կարիքը ունինք մեր աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն յատկապէս 2015 տարեշրջանին ընթացքին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: «Աւագ սերունդի ներկայացուցիչները այս առիթով հաւաքականութեան մէջ իրենց ներկայութեամբ ընելիք եւ ըսելիք ունին: Անոնք լաւագոյն յուշարարներն են Հայոց ցեղասպանութեան, երբ մենք հաւաքաբար կը պատրաստուինք այդ առիթը նշելու վերապրումի գիտակցութեամբ, մեր հաւաքական ինքնութեան նոր թափ տալու եւ մեր աշխատանքներուն նոր որակ տալու ցանկութեամբ», շեշտեց սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը գնահատեց սոյն նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ նկարագիրին վայել աշխատանք է:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նշենք, որ բոլոր ներկաները նուէրներ ստացան` տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:

 

Նախորդը

Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Նորոգուած Տան Բացումը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան  Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին
Գաղութային

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին

Մարտ 25, 2023
«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In