Աննախադէպ խանդավառութիւն կը տիրէր Մարաշի Հայենակցական Միութեան պատկանող շէնքի մուտքին: Փողոցը պատուած էր գորգերով. փողոցը եզերող հայորդիներն ու մարաշցիք ուրախութեամբ կ՛ողջագուրէին զիրար ու կը դիմաւորէին իրենց հիւրերը: Տօնական օր էր ու քիչ մըն ալ աւելին, երբ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ բացումը պիտի կատարուէր վերանորոգուած «Գերմանիկ կեդրոն»-ին, որուն վերանորոգման աշխատանքները իրականացած են 2012-էն սկսեալ մինչեւ 2014 թուականը:
Բացման արարողութենէն առաջ բոլոր հիւրերը եւ ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու կեդրոնի բաժիններուն: Վերանորոգուած կեդրոնի առաջին յարկը կը բաղկանայ ժողովասենեակներէ: Ուշագրաւ էին թանգարան-ցուցափեղկերու մէջ տեղադրուած Մարաշի պատմութեան առնչուող պատմական լուսանկարները, ազգային արժէք ներկայացնող իրերը, քարտէսները, իսկ այս բոլորին ջերմութիւն ու գեղեցկութիւն կը հաղորդէին պատկերուած Մարաշի ասեղնագործութիւնները, որոնք իրենց գոյներու ներդաշնակութեամբ կը հմայէին ներկաները:
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու քայլերգներով, որոնց յաջորդեց Մարաշի հայրենակցական միութեան քայլերգը:


Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «Գերմանիկ կեդրոն»-ը կը պատկանի ոչ միայն մարաշցիներուն, այլեւ բոլոր լիբանանահայերուն, որոնց մասնակցութիւնը սոյն հանդիսաւոր բացման պատիւ է վարչութեան:
Ելոյթ ունեցաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան: Ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս 2012 թուականին որոշում տրուեցաւ վերանորոգութեան ենթարկել կեդրոնը եւ զայն օժտել արդիական սրահով մը, որ պիտի բաւարարէ եւ գոհացնէ միութեան եւ համամիութենական գործունէութիւնները: Ան նկատել տուաւ, որ նիւթական մեծ զոհողութիւն պահանջող ծրագիրը վարչութիւնը յաջողութեամբ աւարտին հասցուցած է` առանց վնասելու միութեան բարոյական դիմագիծին: Հսկայ ծրագիրի գործադրման հետ մէկտեղ միութիւնը ոչ մէկը զրկած է կրթական նպաստէն եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան: Ան ըսաւ, որ «Գերմանիկ կեդրոն»-ը տունն է բոլոր հայրենակցական միութիւններուն: Գեղեցիկ շէնք մը ունենալու մարմաջով չէ, որ յանձն առած են նորոգութիւնը, այլ ժամանակի մաշումի ենթարկուած շէնքը կայունացնելու եւ արդիական պայմաններով օժտուած սրահ մը ունենալու նպատակով ձեռնարկած են աշխատանքին: Մոմճեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչական իր ընկերներուն եւ մանաւանդ ճարտարապետ Վազգէն Նուրբեթլեանին, որ հսկած էր նորոգութեան բոլոր աշխատանքներուն:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը պատմէր Լիբանանի մէջ Մարաշի հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան, ինքնահաստատման առաջին քայլերուն, բեղուն գործունէութեան ու վաստակին մասին:


Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ կեանքին մէջ Մարաշի հայրենակցական միութեան այս ծրագիրը պիտի պատկանի ապագային, ապա շարունակեց ըսելով, որ յոյս ներշնչող այս միութիւնը երկար տարիներ գնահատուած է բոլորէն եւ փաստած, որ ինք յաջողած է իր առաքելութեան մէջ: Ան շեշտեց այն գաղափարը, որ ազգ մը կայուն ու հզօր կ՛ըլլայ, եթէ իր միաւորները կայուն ըլլան: Հայ ազգը կազմող միաւորներուն մէջ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը կայուն օղակ մը կը հանդիսանայ: Որպէսզի իրարմով առաւել հզօրանանք ու բարգաւաճինք` բոլոր միաւորներն ալ պէտք է վերակազմակերպուին նոր տեսլականով, նոր զգեստով: Ան ըսաւ, որ իմաստուն քայլերով, հոգիով ու հաւատքով, ինքնանուէր աշխատանք մը կատարելագործեց Մարաշի հայրենակցական միութիւնը: Ապա վեր. Հայտոսթեան աւարտեց խօսքը` մէջբերելով իր հօր խօսքը Մարաշի աղէտին առիթով գրուած. «Մենք ակնկալեցինք, որ ուրիշները մեզի տէր ըլլան, բայց սորվեցանք մենք մեր տէրը ըլլալ»:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեանն 100-րդ տարելիցի առաջին օրերուն «մեր տուներուն» վերանորոգութեամբ կատարած կ՛ըլլանք արդար աշխատանք մը, որ գերակայուած կ՛ըլլայ հայրենաբաղձութեան քաղցր զգացումով, որովհետեւ հաւաքական տուները մեր հոգեւոր հայրենիքներն են, ուր կը խմբուինք, մեր ինքնութիւնը կ՛ապրինք, մեր հաւաքականութեան շունչը կ՛երկարենք ու մանաւանդ կեանք կը պարգեւենք: Առաջնորդ սրբազանը շարունակեց իր խօսքը նշելով, որ 100-ամեակի ձեռնարկներու շղթային մէջ «Գերմանիկ կեդրոնը» յաղթական մուտք գործեց: Միացեալ ճիգերով իրագործուած այս յաղթանակը լաւագոյն ձեւով կ՛արտայայտէ վերապրումի կամքը: Սրբազանը իր հայրական մաղթանքները եւ օրհնութիւնը տուաւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած են այս ծրագիրին իրականացման: Առաջնորդ սրբազանը փակեց իր խօսքը ըսելով. «Ամէն տեղ է Մարաշի հայրենակցական միութիւնը. անիկա հայրենակցական միութիւններուն մէջ կազմակերպուած լաւագոյն պատկերը կը ներկայացնէ մեր հասարակութեան մէջ: Մեր ժողովուրդը պատասխանատուութիւնը ունի իր կեանքը, տունը, հաւաքական տունը վերանորոգելու եւ լաւագոյն պայմանները ստեղծելու: Ամէն սերունդ բան մը պէտք է յատկացնէ մեր հաւաքական կեանքին` ի պայծառութիւն յաւերժական հայութեան ու հայրենիքին»:
Աւարտին բոլորը հրաւիրուեցան ճաշակելու պատրաստուած հիւրասիրութիւնը, մինչ կը հնչէր հոգիները ջերմացնող երաժշտութիւն, որուն սաքսոֆոնով կը միանար Գառնօ Սիմոնեան: