Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ

Յունուար 8, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615_dznount1Երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ի առաւօտուն, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն նշուեցաւ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը` աշխարհով մէկ տարածուած հայ եկեղեցիներուն մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հոծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի կողքին, Ս. պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին պետական այրեր եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը տուաւ:

Խօսելով Քրիստոսի ծնունդին մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, թէ «մարդուն հետ ըլլալու, մարդուն առջեւ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ճամբան  բանալու Աստուծոյ յանձնառութիւնը իր գերագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Բեթղեհէմի մէջ: Աստուած ո՛չ միայն մարդուն հետ եղաւ, այլ նաեւ մարդուն համար: Իր ուսուցումներուն ու հրաշագործութիւններուն ճամբով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին յիշեցուց մեղաւորին ու հիւանդին, զրկեալ ու հալածուող մարդուն, թէ` մի՛ վախնար, այլ հաւատա՛, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է: Քրիստոսի Աւետարանին քարոզիչները յաճախակի կերպով յիշեցուցին կեանքի մաքառումներուն ու տագնապներուն դէմ գտնուող Քրիստոսի հետեւորդներուն, թէ «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8.31)»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ինչպէս անցեալին` մեր պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն, այսօր եւս մեր եկեղեցին կը յիշեցնէ իր ժողովուրդին առաքեալի յուսադրիչ վկայութիւնը: Արդ, մի՛ վախնար, ժողովուրդ հայոց, Աստուած մեզի հետ է: Գիտե՛նք մեր ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները Հայաստանի մէջ: Գիտե՛նք Ղարաբաղի պաշտպանութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ մեր բանակին զոհողութիւնը: Գիտե՛նք Սուրիոյ հայութեան ապրած տագնապալից կեանքը: Կեանքի այս տագնապները հաւատքով ու յոյսով հարկ է դիմագրաւել, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է»:

Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ու պատգամեց` «2015 թուականը հայ ժողովուրդին համար տարբեր իմաստ ունի: 100 տարիներ առաջ օսմանեան թուրք պետութիւնը ցեղասպանութիւն մը կազմակերպեց հայ ժողովուրդին դէմ` նպատակ ունենալով բնաջնջել հայ ժողովուրդը: Ներկայ Թուրքիան կրնայ ուրանալ իր պապերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը. սակայն կարելի չէ պատմութիւնը նենգափոխել: Հայ ժողովուրդը թշնամի չունի, սակայն հայ ժողովուրդը արդար դատ մը ունի: Ներկայ Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան Թուրքիոյ եւ հետեւաբար, պէտք է ընդունի իր նախորդներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ` միջազգային օրէնքին համաձայն: Թուրքիան իր շարունակուող ուրացումի քաղաքականութեամբ չի կրնար անտեսել հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը: 100 տարի յիշեցինք, յիշեցուցինք ու պահանջեցինք: Վերանորոգ հաւատքով պիտի շարունակենք մեր պայքարը` յանուն արդարութեան»:

Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ ըսաւ. «Բեթղեհէմը Պաղեստինի մէջ կը գտնուի. հետեւաբար քրիստոնէութիւնը իր արմատները ունի Միջին Արեւելքի մէջ: Հակառակ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններուն, անոնք վճռած են մնալ Միջին Արեւելքի մէջ: Ինչպէս մեր քոյր համայնքները, այնպէս ալ հայ համայնքը Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ ենթարկուեցաւ լուրջ վտանգներու: Սակայն մեր եկեղեցւոյ զաւակները կառչած կը մնան արաբական հայրենիքին, գիտակից` իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, կ’ողջունենք Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամուր պահպանումը եւ շրջանի տագնապներէն հեռու մնալու Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն առողջ քաղաքականութիւնը: Այս բոլորին կողքին սակայն, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական: Ինչ ալ ըլլան նախագահական ընտրութեան առնչուած դժուարութիւնները, ընդունելի չէ, որ Լիբանանը անորոշութեան մատնուի եւ չունենայ նախագահ: Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք բոլոր պատասխանատուներուն ու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան առնչուած բոլոր կողմերուն պատասխանատուութեան խոր զգացումով ու կարելի փութով լծուելու նոր նախագահի ընտրութեան»:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Երուսաղէմի ու Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ, վեհափառ հայրապետը Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւններ ընդունեց:

Յայտնենք, որ Ս. Ծննդեան պատարագը լիբանանեան արբանեակային պատկերասփիւռի զանազան կայաններու ճամբով ուղղակի սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:

Նախորդը

Լիբանան` «Զէյնա»-ի Ազդեցութեան Տակ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?