Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւաք` «Ազդակ» Բացառիկ 2015-ի Հրատարակութեան Առիթով

Յունուար 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

16059724737_581d9a4e1d_oԿազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, շաբաթ, 10 յունուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի 2015-ի բացառիկին աշխատակիցները, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ օրաթերթին անձնակազմը:

Արշօ Պալեան
Արշօ Պալեան

Հաւաքին ընթացքին «Ազդակ» բացառիկի խմբագիր Արշօ Պալեան հակիրճ կերպով ներկայացուց բացառիկը` շնորհակալութիւն յայտնելով այդ բացառիկին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր աշխատակիցներուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ անձնակազմին, տնօրէնութեան, ինչպէս  տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններուն, որոնք ստանձնեցին բացառիկի հրատարակութիւնը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Տիգրան Ճինպաշեանին, որ սիրայօժար ստանձնեց բացառիկի յօդուածներուն լեզուական սրբագրութիւնն ու մշակումը:

Ա. Պալեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ բացառիկի աւանդութիւնը պիտի շարունակուի, եւ շուտով արդէն պիտի սկսին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ապրիլ 24-ի բացառիկի թիւին աշխատանքները:

Տիգրան Ճինպաշեան
Տիգրան Ճինպաշեան

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ «Ազդակ»-ի բացառիկները մեծ ընդունելութեան կ՛արժանանան` աւելցնելով, որ իր կարծիքով բացառիկը ընդհանուր ուղղութիւն մը պէտք է ունենայ:

«Ազդակ»-ի բացառիկները Հայ դատի, հայութեան, սփիւռքի եւ Հայաստանի պատմութեան համար կարեւոր շտեմարաններ են եւ ապագային անոնք պատմաբաններուն համար պիտի ծառայեն իբրեւ սկզբնաղբիւր. այս տեսակէտէն` բացառիկները օգտակար եւ շնորհակալ գործեր են:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց հայոց լեզուի իմացութեան եւ լեզուամտածողութեան նահանջին գծով, որ ամէնուրէք կ՛երեւի:

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ընդգծեց բացառիկին հաւաքական աշխատանք ըլլալու իրականութիւնը:

Ան ըսաւ, որ «Ազդակ»-ի 2015-ի բացառիկի բովանդակութեան ելեկտրոնային տարբերակը արդէն շուտով պիտի պատրաստուի` աւելցնելով, որ աւանդութեան վերածուած է նաեւ, որ Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ կատարուի բացառիկի շնորհահանդէսը:

Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ Ապրիլ 24-ին հրատարակուելիք բացառիկին աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ «Ազդակ» պիտի գործակցի նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ցեղասպանագիտութեան ամպիոնին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն եւ «Նորավանք» ուսումնասիրութեան կեդրոնին հետ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով խմեց բոլորին կենացը:

Հաւաքին աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

Երկու Լիբանանցի Քափուչինեան Քահանաներ Զոհ` Հայոց Ցեղասպանութեան (1915 Եւ 1917)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?