Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբին Նոր Ներկայացման Փորձերու Սկիզբը

Յունուար 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_6073[1]Երեքշաբթի, 20 յունուար 2015-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեգ» թատերախումբի նոր ներկայացման առաջին փորձը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Կարօտ» թատերախաղին հեղինակը, բեմադրիչն ու գեղարուեստական ղեկավարը Ռոպերթ Առաքելեանն է:

Թատերախաղի շուրջ երեսուն գրական կերպարները` գտնելով իրենց հարազատ դերակատարները, կը սկսին շունչ ու ոգի ստանալ, գրական արժէքէն վերածուելով տեսանելի արժէքներու:

Ներկայացման հերոսը` Կարօտը, այսօրուան եւ բոլոր ժամանակներուն հայն է, որ դեգերելով երկրէ երկիր, կը փորձէ գտնել երջանկութեան ու արդարութեան բանաձեւը, սակայն բազմազգ աշխարհի դժուարին խաչուղիներուն վրայ յաճախ հանդիպելով կաղ ու անտարբեր արդարութեան, կու գայ այն եզրակացութեան, որ «եթէ հզօր երկիր ունենանք, աշխարհը կը յարգէ մեր դատը եւ արդարութիւնը մեզի կը ներկայանայ ոչ թէ անկարող թշուառականի տեսքով, այլ` իբրեւ առողջ ու արժանապատիւ էութիւն…

Մարդ ուր որ ալ ըլլայ, հայրենի տուն պիտի ունենայ, կարօտի զգացում պիտի ունենայ, որպէսզի միտքը երթալու տեղ ունենայ: Երկիր պիտի ունենայ, հզօր երկիր ու հայրենի տուն…»:

Ռոպերթ Առաքելեանի «Կարօտ» թատերախաղը, որ «Արեգ»-ի այս թատերաշրջանի երկրորդ բեմադրութիւնն է «Ոսկի խնձոր»-էն ետք, 12 մարտ 2015-էն սկսեալ պիտի ներկայացուի հանրութեան` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ձայնը… Ուրուկուէյէն

Յաջորդը

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Պշարա Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?