Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Դոկտ. Արա Սանճեանի Հետ

January 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

12615_ara-sanjianԵրէկ` երկուշաբթի, 26 յունուար 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեանի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութեան եւ ուսումնասիրութեան շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով յետեղեռնեան սփիւռքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութեան հոլովոյթին մասին` դոկտ. Սանճեան յայտնեց, որ Եղեռնի պատմագրութեան նախաքայլերը սկսած են անոր աւարտէն անմիջապէս ետք` 1918-1922-ին Պոլսոյ մէջ, շնորհիւ Անտոնեանի, Ալպոյաճեանի, Թէոդիկի եւ Ակունիի: Ընթացք կ՛առնէ օտար գործերու, ինչպէս Եոհաննէս Լեփսիուսի յուշերու թարգմանական աշխատանքը: Դոկտ. Սանճեան նշեց, որ հայկական սփիւռքը կը շարունակէ այս առումով մնալ կարեւոր կեդրոն մը, սակայն ներկայիս շեշտը կը դրուի անգլերէն եւ այլ օտար լեզուներու վրայ, հոլովոյթ մը, որ ընթացք առաւ շուրջ 1965-ին:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ Թուրքիոյ պետական դիրքորոշումը չկիսող թուրքիացի (թուրք, քիւրտ, ալեւի եւ այլն) պատմաբաններու եւ հասարակագէտներու ներդրումին մասին` ան ըսաւ, որ նշեալ պատմաբաններու երեւոյթը սկսաւ Թաներ Աքչամով, որ եղաւ առաջինը, որ Թուրքիոյ մէջ թրքերէն գիրք տպեց, առանց հաճոյանալու թրքական իշխանութիւններուն: Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան աշխատանքին մէջ թուրքիացի պատմաբաններու ներգրաւումը բաւական նորութիւններ բերաւ, եւ անոնք կապի մէջ են սփիւռքի մէջ ապրող ցեղասպանագէտ հայերու հետ: Սակայն անոնց հետ ալ կան տարակարծութիւններ, ինչ որ գիտութեան մէջ բնական երեւոյթ է:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութեան, դոկտ. Սանճեան յայտնեց, որ քաղաքական պատճառներով ատիկա աւելի ուշ սկսած է, քան սփիւռքի մէջ: Գործը թափ սկսաւ առնել 1965-ին եւ անկէ ետք: Անկախութենէն ետք բնականաբար փոխուեցաւ հայեցակէտը, որովհետեւ չմնացին մոսկովեան կաշկանդումները, սակայն տակաւին որակական ցատկ չկայ, եւ երիտասարդ սերունդը տակաւին իր նախաքայլին մէջ է:

Խօսելով հետազօտութեան համադրուած օրակարգի մը կարելիութեան մասին` ան ըսաւ, որ տեսականօրէն շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ կարելի ըլլար քննարկել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան յաջորդ քայլերը: «Չեմ կրնար ըսել, թէ այժմ այդպիսի բան  կայ եւ կը դժուարանամ ըսել, որ այդ մէկը կարելի է` շարք մը ազդակներու պատճառով», ըսաւ դոկտ. Սանճեան:

Հարցազրոյցի վերջաւորութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան` համեմատական ցեղասպանագիտութեան եւ արեւելագիտութեան պրիսմակէն դիտուած: Ան նշեց, որ մենք քիչ աշխատանք տարած ենք Հայոց ցեղասպանութիւնը այլ ցեղասպանութիւններու հետ համեմատելու ուղղութեամբ, իսկ արեւելագիտութեան ծիրին մէջ մեր աշխատանքը առաւել նուազ է, քան համադրական մարզին մէջ մեր աշխատանքը:

Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Նախորդը

Թուրքիա-2014. Ամփոփելով Տարին

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Յակոբ Հաւաթեան Եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան Ներկայացուցին Լիբանանի Հայկական Կառոյցները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին  Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին  23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր
Գաղութային

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին 23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.