Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարաշի Աղէտի 95-Ամեակ. Հոգեհանգիստ, Պատարագ Եւ Պաշտամունք` Մարաշցի Հին Եւ Նոր Ննջեցեալներու Հոգիներուն Համար

Յունուար 26, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի

Երէկ, կիրակի, 25 յունուար 2015-ին, Մարաշի աղէտին 95-րդ տարելիցին առիթով  Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:

Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ վարժարաններու տնօրէն, նաեւ Քրիստոնէական բաժանմունքի պատասխանատու Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան: Իր քարոզին բնաբանը ունենալով քրիստոնէութիւնը եւ հայ ժողովուրդին ունեցած հաւատքը` հայր սուրբը բացատրեց, որ քրիստոնէութիւնը այն կրօնն է, որ կու գայ մարդ արարածին այս աշխարհի մէջ կեանքի բարոյականութեան եւ սկզբունքներուն ընդմէջէն` մարդուն համար երկինքի արքայութեան մէջ տեղ պատրաստելու:

Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցի
Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցի

«Կեանքի նպատակը այս աշխարհին մէջ չէ: Այս կեանքը միջոց է քրիստոնեային համար, որպէսզի ինքզինք կերտէ, բիւրեղացնէ եւ մաքրէ, որպէսզի կարենայ յաւիտենական կեանքին մէջ տեղ գտնել», հաստատեց Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդին պատմութիւնը եղած է պայքարներով լեցուն, սակայն մեր ժողովուրդը իր ունեցած հաւատքով գոյատեւած է անցնելով մեր ազգային սահմանները, դառնալով համաշխարհային մակարդակի վրայ ազգ եւ խօսք ունեցող եկեղեցի:

«Մեր հաւատքին եւ ունեցած զոհաբերութեան շնորհիւ, մենք աւելի ամրապնդած ենք մեր ազգային գիտակցութիւնը եւ մեր քրիստոնէական ոգին, կը շարունակենք դէպի յառաջ տանիլ մեր ազգային կեանքը», շեշտեց Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի անցեալին ապրած կեանքին, մղած պայքարներուն եւ պատերազմներուն` ան նկատել տուաւ, որ անոնք բոլորը հաւատքի պատերազմներ էին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ միաշաղուած է քրիստոնէութիւնը:

Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցի
Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցի

Ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդի գոյութեան վերջ տալու որոշումին` Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան հաստատեց, որ 100 տարի վերջ տակաւին աշխարհի տարածքին գտնուող հայութիւնը իբրեւ մէկ ուժ, համախմբուած իր եկեղեցիին շուրջ կը պահանջէ միջազգային մակարդակի վրայ իր ժողովուրդին նկատմամբ տեղի ունեցած անարդարութեան արդար դատավճիռը:

Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը յայտնեց, որ 6 փետրուար 1920-ին, քեմալական արշաւանքներուն զոհ գացած են նաեւ աւելի քան 13 հազար մարաշցի հայրենակիցներ: «Այդ ժողովուրդէն ծնաւ այսօրուան հայը: Այդ ժողովուրդէն ծնաւ այն պատիւը, այն համոզումը, այն սկզբունքը եւ այն հաւատքը, որ այսօր մենք իբրեւ հայ ժողովուրդ կ՛ամրապնդենք մեր մէջ եւ իբրեւ կազմակերպուած գաղութ` մեր ազգային եկեղեցական կեանքը կը ղեկավարենք», հաստատեց Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց բոլորին գիտակցելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու մեր նահատակներուն, որոնց արիւնով մեր ազգը կը գոյատեւէ, որոնց ունեցած հաւատքով մենք այսօր կը կառուցենք եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ կը գոյատեւենք իբրեւ ազգ եւ իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ:

Նշենք, որ Ս. պատարագ եւ պաշտամունք կատարուեցան նաեւ հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Մարաշի հայրենակցական միութեան նորակառոյց սրահին մէջ հրամցուեցաւ հոգեսուրճ:

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Մրցանքի Աւարտական Հանգրուան

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Ուսումնական Խորհուրդի Ատենապետ Յակոբ Եագուպեանի Հետ

RelatedPosts

Համազգայինի 95-Ամեակ.  Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի 95-Ամեակ. Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը

Մարտ 20, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Մարտ 20, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Յունաստանի Վարչապետին Հետ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետին Հետ

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In