Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկի Ներկայացում` Երեւանի Մէջ

Յունուար 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը 26 յունուարին «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան սրահին մէջ ներկայացուց «Ազդակ» օրաթերթի բացառիկ հատորը: Լրագրող, «Անի» կեդրոնի փորձագէտ Թաթուլ Յակոբեան նշեց, որ տարիներէ ի վեր «Ազդակ» բացառիկի հատորները կը ներկայացուին Երեւանի մէջ: Ան ընդգծեց, որ այս բացառիկները հայագիտական կարեւոր հատորներ են` շեշտելով, որ տարիներ ետք այս հատորները շատ մեծ արժէք պիտի ունենան իբրեւ աղբիւր եւ օրուան դէպքերու արտացոլացում հանդիսացող շտեմարան:

Նախ խօսք առաւ ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Ազդակ»-ի բացառիկները կը հանդիսանան հայագիտական, հասարակական-քաղաքական, մշակութային, հրապարակախօսական տարեգիրք-պարբերական: Անոր համաձայն, միշտ կ՛անդրադառնանք ցեղասպանութեան յուշերուն եւ 100-ամեակին, սակայն հարց կայ այդ ամէնը  երիտասարդ սերունդին փոխանցելու` նշելով, որ «Ազդակ» այդ առաքելութիւնը իրականացնողներէն մէկն է:

Ան դիտել տուաւ, որ «Ազդակ»-ը կարեւոր հեղինակներու եւ յօդուածագիրներու` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, գրութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, յօդուածները կը համախմբէ եւ մատչելի կը դարձնէ հանրութեան:

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան նշեց, որ տարուէ տարի աւելի կը դժուարանայ տպագիր մամուլ հրապարակելը եւ համապատասխան ընթերցող գտնելը: Գիտակցելով այն փաստին, որ աւելի դիւրին եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ այս աշխատութիւնը տեղափոխել ելեկտրոնային դաշտ, Գանտահարեան նշեց, որ հակառակ բազմաթիւ հարցերուն, այս գործը կը շարունակուի, նկատի ունենալով «Ազդակ» բացառիկի դերը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորներուն, լրագրողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղած են այս աշխատութեան պատրաստման հոլովոյթին: Ըստ Շահան Գանտահարեանի,  տրուած ըլլալով որ տպագրուող նիւթերու հասցեատէրը Թուրքիան է, ապա կը պատրաստուին նաեւ արաբալեզու բաժինին մէջ թրքերէն բաժին աւելցնել: Թէեւ Գանտահարեան թրքալեզու քարոզչամիջոցի ձեւաւորման աշխատանքները ուշացած կը նկատէ, սակայն  կը կարծէ, որ ատիկա պէտք  չէ  սահմանափակել միայն 100-ամեակով, այլ այդ աշխատանքները պէտք է շարունակել նաեւ տարելիցէն ետք:

Գանտահարեան կարեւոր նկատեց թրքական լոպիինկին հակազդելու համար հայաստանեան ցանցային տեղեկատուական կեդրոններու համակարգուած աշխատանքը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի ներկայ լարուածութիւնը կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ:

Իր կարգին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ պատանի տարիքէն աշխատած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ եւ իր քաղաքական փորձառութիւնը ձեռք ձգած է այնտեղ աշխատելու ընթացքին: Ըստ Բագրատունիի, ցեղասպանութենէն 12 տարի ետք հիմնադրուած «Ազդակ»-ը այսօր կը նկատուի Լիբանանի մէջ հրատարակուող բոլոր թերթերուն` հայատառ, արաբատառ, ֆրանսատառ եւ անգլիատառ անդրանիկ զաւակը, անիկա հնագոյն թերթն է, որ Լիբանանի մէջ կը հրատարակուի անընդմէջ, ինչ որ մեծ նուաճում է ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ համայն հայութեան համար: Ըստ երեսփոխանին, թէեւ «Ազդակ»-ը Լիբանանի մէջ լոյս կը տեսնէ, սակայն անիկա համահայկական թերթ է` ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, թերթը կ՛անդրադառնայ համայն հայութեան խնդիրներուն եւ Հայաստանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն: Ան աւելցուց, որ 1970-ական թուականներէն հրատարակուող «Ազդակ» բացառիկը պատմագիրք է եւ մնայուն արժէք` ապագայ սերունդներուն համար:

Շնորհահանդէսի ընթացքին խօսք առին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Պուէնոս Այրէսի Սան-Անտրեսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան: Շնորհահանդէսին ներկայ էին ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի համանախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, հասարակական-քաղաքական գործիչներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, հայագէտներ եւ լրագրողներ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին

Յաջորդը

«ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարներուն Մեծ Մասը Ոչնչացուած Է» Կ՛ըսէ Քերրի

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In