Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Լսողութեան Տկարացում Եւ Կորուստ» Նիւթով

January 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC04747Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Լսողութեան տկարացում եւ կորուստ» նիւթով, զոր ներկայացուց քիթ, կոկորդ, ականջի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան նշեց, որ դպրոցներ եւ համալսարաններ մեծահասակները ժամանակի նորութիւններուն հաղորդ պահելու եւ ընդհանուր գիտելիքներ փոխանցելու համար դասախօսական շարքեր եւ դասընթացքներ կը կազմակերպեն: ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը, միատեղ աշխատանքով, տարիներէ ի վեր կը կազմակերպեն հանրային առողջապահութեան եւ անհատի առողջութեան վերաբերեալ դասախօսական շարքեր, որոնք լսարանի վերածուած են: Այս դասախօսութիւնը առաջինն է այս տարուան:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով այն պատկերը, թէ ըստ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան, մինչեւ 2025 տարին մօտաւորապէս 1.2 միլիառի պիտի հասնի այն անձերուն թիւը, որոնք 60 տարեկանէ վեր են:

Ապա դասախօսը սահմանեց ծերութիւնը եւ նշեց, որ անիկա արդիւնքն է հաւաքական աստիճանական փոփոխութիւններու, ուր թթուածինը աստիճանաբար նուազ քանակութեամբ հասնելով մարմնի տարբեր անդամներուն, բջիջներուն, անհատը կ՛ուղղէ դէպի ծերութիւն:

Լսողութիւնը բնականաբար կ՛ազդուի ընդհանուր այս փոփոխութիւններէն, որոնք կը բաժնուին երկու հիմնական տեսակներու. ա) բնական լսողութեան նուազում. բ) ականջի հիւանդութիւններու հետ կապուած լսողական տարբեր խանգարումներ:

Տոքթ. Փանոսեան մանրամասնօրէն սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրեց ականջի կառոյցը` իր բոլոր մասերով: Ան նշեց, որ ականջը բաժնուած է երեք մասերու` ա) արտաքին, բ) միջին եւ գ) ներքին:

Դասախօսը մանրամասնօրէն ներկայացուց լսողութեան հոլովոյթը եւ զանազան խանգարումներ, որոնք կրնան յառաջացնել լսողութեան նուազում:

Վերջին բաժինով բժիշկը յիշեց տարբեր հիւանդութիւններ` հետեւեալ ձեւով.

1.- Արտաքին ականջի, ուր ականջի մոմը ունի իր պարտականութիւնները խոնաւ պահելու, ինչպէս նաեւ իր մանրէասպան յատկութեամբ ականջը զերծ պահելու տարբեր բորբոքումներէ: Իսկ երբ բաւարար մոմ չկայ այդ խողովակին մէջ, ականջի չորութիւն յառաջացնելով, տարբեր մանրէներ, սունկեր կրնան զարգանալ:

2.- Միջին ականջը պարունակելով երեք փոքր ոսկորներ, հիմնական դեր ունին լսողութեան պատգամներու փոխադրման: Քիթի միջոցով տարբեր մանրէներ հասնելով մինչեւ միջին ականջ, յառաջացնելով բորբոքումներ կը վնասեն ականջին ու լսողութեան:

3.- Ներքին ականջը, որ լսողութեան պատգամները դէպի ուղեղ փոխադրող կարեւորագոյն բաժիններէն մէկն է: Յառաջացած տարիքին երբ արիւնը բաւարար չափով չի հասնիր այս բաժինին, ջիղերու չորացումը պատճառ կը դառնայ լսողութեան տկարացման, գլխու ու մարմնի հաւասարակշռութեան խանգարումին:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան բացատրեց ականջի լսողութեան յատուկ գործիքներու գործածութեան անհրաժեշտութիւնը ու անոնց գործածութեան զանազան ձեւերը:

Աւարտին դասախօսը օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Սրտիս Ու Մտքիս Մէջ Դրոշմուած Արցախեան Պատկերներ (Գ.). «Որդիիս Նահատակութեան Լուրը Բերէք, Կ՛ուզեմ Հանգստանալ»

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ոչ Հետաքրքրական «Դիմում-Հրաւէր» Մը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.