Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Դպրոցներուն Մէջ Ֆիզիքական Վնաս Պատճառելու Վերաբերող Ուսումնասիրութեան Արդիւնքներու Ներկայացում

January 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12915_bullingԿազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկավարժական հանդիպում մը`  հոգեբան Ռոզին Մուղալեանի հետ, որ ներկայացուց ֆիզիքական վնաս պատճառելու (պուլինկ) վերաբերող իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները` հայկական վարժարաններուն մէջ կատարուած: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգ. վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ պուլինկի երեւոյթը աշակերտներուն մօտ ընդհանրացած է եւ հարկ է ուսուցիչները տեղեկանան համապատասխան միջոցներուն մասին, որպէսզի կարենան յաղթահարել զայն: Անթոյեան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ռոզին Մուղալեանը եւ հրաւիրեց զայն` ներկայացնելու իր նիւթը:

Ռ. Մուղալեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց իր նիւթը, զոր բաժնեց 2 մասի: Առաջին մասով ան անդրադարձաւ իր կատարած ուսումնասիրութեան լիբանանահայ երկրորդական 10 վարժարաններուն մէջ, 465 աշակերտներու հետ, ուր սերտած է կապը պուլինկի, որ այն  արարքն է, զոր աշակերտները դպրոցին մէջ կ՛ունենան, երբ դասընկերոջ վնաս կը հասցնեն` ֆիզիքապէս, զայն ծիծաղի առարկայ դարձնելով, քննադատելով, յարաբերութեան նուազեցումով եւ հետեւեալ 4 ազդակներու միջեւ. ա) աշակերտին ինքնարժեւորումը, բ) ընկերները ի՞նչ ձեւով եւ զո՞վ կը քաջալերեն, գ) դպրոցին մէջ տիրող մթնոլորտը` դրական է թէ ժխտական, եւ ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը ինչպէ՞ս կը վարուին, դ) ծնողներու դաստիարակութեան ձեւը` թոյլատու, ժխտական, բացատրելով ժխտել: Ան նկատել տուաւ, թէ ինք սերտած է յիշեալ ազդակները, պուլինկը եւ անոր զոհը դառնալը` շեշտելով, որ պուլինկը յաճախակի եւ դիտումնաւոր կերպով կը պատահի: Սերտողութենէն ի յայտ եկած է, որ  լիբանանահայ երկրորդական  վարժարաններուն մէջ 8 առ հարիւր պուլի կայ եւ 15 առ հարիւր զոհ:

Դասախօսութեան երկրորդ մասով ան կեդրոնացաւ դպրոցի մթնոլորտին վրայ, որ մեծ դեր ունի այս պարագային: Դասախօսը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է շինիչ մթնոլորտ մը ստեղծել դպրոցին մէջ` նկատի ունենալով հետեւեալները. ա) ինչպէս կարելի է դպրոցին մէջ առաջքը առնել ժխտական վարուելակերպերու, որոնց մաս կը կազմէ պուլինկը եւ ինչպէ՛ս կրնանք արգելք հանդիսանալ այս երեւոյթին. բ) ինչպէ՛ս կարելի է դրական մթնոլորտ ստեղծել դպրոցին մէջ. գ) եթէ նման վարուելակերպներու դիմաց գտնուինք ինչպէ՛ս կրնանք դասարան կառավարել եւ ի՛նչ միջոցներու կրնանք դիմել:

Մուղալեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իւրաքանչիւր կէտին` տալով համապատասխան լուծումներ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Ռոզին Մուղալեան բացատրեց, թէ այս ուսումնասիրութիւնը կը նպատակադրէ աշակերտներուն տալ այն զգացումը, որ դպրոցը ապահով տեղ է, հանգիստ զգան հոն եւ ուրախ ու խանդավառ ձեւով յաճախեն վարժարան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում:

 

 

Նախորդը

Մեր Խօսքը. «Դէպի Երկիր Վարժանքի Ծրագիր»

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Դէպի Ապագայ» Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.