Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Մրցանքի Աւարտական Հանգրուան

Յունուար 26, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12415_vanaԿազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ին եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 24 յունուար 2015-ին, «Վանայ ձայն»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն յատուկ եւ առաջին անգամ ըլլալով կայացող հայոց պատմութեան մրցանքի աւարտական հանգրուանը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացաւ Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանը, երկրորդ` Ազգային Աբգարեան վարժարանը, իսկ երրորդ` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը:

22 նոյեմբեր 2014-ին ընթացք առած յայտագիրը պատրաստողն ու հաղորդավարն է Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ այս մրցանքով համախմբեց 12 դպրոցներ` Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան,  Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան,  Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան: Աշակերտները մրցակցութեան առողջ ոգիով մասնակցեցան երեք հանգրուաններով ընթացած մրցումին: Առաջին հանգրուանին իրարու դէմ մրցեցան 12 դպրոցներ, երկրորդ հանգրուանին` վեց դպրոցներ, իսկ երրորդ հանգրուանին հասան երեք դպրոցներ:

Շաբաթական դրութեամբ կենդանի կերպով սփռուող այս յայտագիրին ընթացքին պատրաստուած հարցումները հիմնուած էին Արմէն Մարաշլեանի Հայոց պատմութեան Ե. գիրքին վրայ, որուն խմբագիրներն են Յովիկ Պերթիզլեանն ու Վիգէն Աւագեանը:

Հուրի Փափազեան-Էմմիեանի վկայութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած այս մրցանքին մասնակից աշակերտներուն պատրաստուածութիւնը, անոնց մրցակցութեան բարձր ոգին, բծախնդրութիւնը, խանդավառութիւնը, ինչպէս նաեւ կենդանի սփռումին պատճառած վախը շրջանցելու կարողութիւնը շատ յատկանշական էին: Ան դրուատիքով խօսեցաւ թէ՛ աշակերտներուն, եւ թէ՛ ուսուցիչներուն մասին, որոնք միշտ նեցուկ ու ապաւէն էին աշակերտներուն:

Աւարտական հանգրուանին իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս ու նման յայտագիրներով ի գործ կը դրուի ճիգ պատանիներն ու երիտասարդները «Վանայ ձայն»-ին կապելու, հայոց պատմութեան եւ հայագիտական նիւթերու նկատմամբ աշակերտներուն հետաքրքրութեան նոր ուղղութիւն տալու: Ան խոստացաւ նմանօրինակ յայտագիրներուն թիւը աւելցնել: Աւետիս Կիտանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, որ սիրով ստանձնեց յայտագիրին հովանաւորութիւնը եւ տրամադրեց մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակակիր խմբակի իւրաքանչիւր աշակերտ (3 հոգի) ստացաւ 150,000 լիբ. ոսկի, 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 100,000 լիբ. ոսկի, 3-րդ` 50,000 լիբ. ոսկի:

 

Նախորդը

Զուարթ Սուտճեան Դատ Բացած Է Թուրքիոյ Դէմ` Վերստանալու Համար Իր Ընտանեկան Կալուածը` Տիգրանակերտի Օդակայանը

Յաջորդը

Մարաշի Աղէտի 95-Ամեակ. Հոգեհանգիստ, Պատարագ Եւ Պաշտամունք` Մարաշցի Հին Եւ Նոր Ննջեցեալներու Հոգիներուն Համար

RelatedPosts

Համազգայինի 95-Ամեակ.  Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի 95-Ամեակ. Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը

Մարտ 20, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Իր Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Իր Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Մարտ 20, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Յունաստանի Վարչապետին Հետ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետին Հետ

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In