Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնազօրակցութեան Քարոզչութեան Համագումարը` «Զուարթնոց» Կեդրոնին Մէջ

January 29, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12815_ZvartnotsԿազմակերպութեամբ լիբանանեան ինքնազօրակցութեան ընկերակցութեան (ԼԱՍԱ), երեքշաբթի, 27 յունուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար մը «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ` յատուկ դժուարութիւններ ունեցող անհատներու քաղաքացիական իրաւունքներուն մասին:

Բացման խօսքը արտասանեց «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապաղեան, որ ողջունելով ներկաները բարի գալուստ մաղթեց անոնց: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ԼԱՍԱ կազմակերպութեան եւ անոր անդամներուն` նշելով, որ «կազմակերպութեան մաս կը կազմեն մարմնական կամ մտային տարբեր տեսակի կարիքներ ունեցող երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներն ու յատուկ մասնագէտները»: Ապա հրաւիրեց կազմակերպութեան նախագահ եւ «Ամբողջական ներգրաւում» կազմակերպութեան  փոխնախագահ Ֆատիա Ֆարահը, որպէսզի լուսաբանութիւններ տայ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին:

Ֆատիա Ֆարահ նախ եւ առաջ շեշտեց, թէ ինքն ալ Միային մայրն է, Միան, որ յատուկ հոգատարութեան կարիքը ունի:

Յաջորդաբար ցուցադրուեցան երեք տեսերիզներ, որոնք պատրաստուած էին կազմակերպութեան մաս կազմող երիտասարդներու կողմէ: Տեսերիզներու միջոցով ներկաները կրցան կարիքաւոր երիտասարդներուն դիտանկիւնէն տեսնել անոնց հանդիպած ամէնօրեայ դժուարութիւնները: Ֆատիա Ֆարահ դժուարութիւններու լուծման առումով նշեց. «Իւրաքանչիւր  կառավարութիւն պէտք է յատուկ օրէնքներով  պահպանէ յատուկ հոգատարութեան կարիք ունեցողները. անշուշտ ընկերութիւնն ու ծնողները մեծ դեր կը խաղան ատիկա իրականացնելու համար»:

Ապա կազմակերպութեան մաս կազմող երիտասարդները բացայայտեցին երկու կարեւոր կէտեր: Առաջինը` թէ ի՞նչ է ինքնազօրակցութիւնը եւ ինչպէ՞ս իրենք կրնան իրենց իրաւունքները պաշտպանել: Անոնք իրենց անձնական կեանքէն օրինակներ տալէ ետք հարց ուղղեցին ձեռնարկին ներկայ գտնուող «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն, թէ իրենք կրցա՞ծ են արդեօք ինքնազօրակցութեան քայլեր առնել:

Իսկ երկրորդը` թէ ո՞վ է յարմարագոյն անձը, որ կրնայ իւրայատուկ խնամք տանիլ յատուկ հոգատարութեան կարիքը ունեցող երիտասարդին: Ըստ Միային «խնամողը պէտք է ըլլայ  լսող, օգնող եւ թեմաները ճիշդ ոճերով բացայայտող»:

Համագումարին աւարտին կազմակերպութեան բոլոր անդամները կոչ ուղղեցին յատուկ հոգատարութեան կարիքը ունեցողներուն եւ  անոնց ծնողներուն, որպէսզի լաւ գիտակցին իրենց քաղաքացիական իրաւունքներուն եւ անոնց պաշտպանութեան:

 

Նախորդը

«Ասոնք Յիշողութեան Եւ Անմոռացութեան Գործեր Են» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Դէպի Ապագայ» Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն.  Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական  Միութեան Աղօթքի Շաբթուան
Գաղութային

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն. Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

January 20, 2026
Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աշակերտները Արժանացան Բարձր Մրցանակներու
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աշակերտները Արժանացան Բարձր Մրցանակներու

January 19, 2026
Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը
Գաղութային

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.