Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Յակոբ Հաւաթեան Եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան Ներկայացուցին Լիբանանի Հայկական Կառոյցները

January 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1812Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 26 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շահեկան դասախօսութիւն-զրոյց մը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` «Հայկական կառոյցները» նիւթով, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներու, ԼՕԽ-ականներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Գէորգեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան բանախօսները` Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին մօտ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեանը եւ Համազգայինի գրատարածի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը: Այս առիթով Գէորգեան յետադարձ հակիրճ ակնարկով վերյիշեց դաստիարակչական յանձնախումբի 2014-2016-ի երկամեայ գործունէութեան ծրագիրէն ցարդ իրագործուած քայլերը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց դոկտ. Սալմանեանը:

Դոկտ. Ժան Սալմանեան ներկայացուց ազգային կառոյցներու եկեղեցական բաժինը եւ կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի կառոյցներուն եւ անոնց առաքելութեան վրայ` ընդգծելով, որ առաջնորդարանի գործունէութիւնը կ՛առնչուի Լիբանանի հայ համայնքի գործունէութեան, մինչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը համատարած ու համահայկական է եւ կ՛ընդգրկէ սփիւռքի զանազան գաղութներու հայ համայնքներու գործունէութիւնը: Սալմանեան մանրամասն թուեց ազգային կառոյցներու տարբեր մարմինները, անոնց ստեղծման տուն տուող պայմանները եւ անդրադարձաւ անոնց կանոնագրային, ժողովավարական բնոյթին ու առաքելութեան: Նախ եւ առաջ ան ներկայացուց 1860-ին Պոլսոյ մէջ հայ մտաւորականներու կողմէ մշակուած եւ 1863-ին Օսմանեան կառավարութեան կողմէ վաւերացուած Ազգային սահմանադրութիւնը`  պարզելով անոր վերամշակուած մէկ տարբերակը, որուն յօդուածներուն հիման վրայ կը հրապարակուին ազգային կառոյցներու որոշումները: Այս ծիրին մէջ դոկտ. Ժան Սալմանեան խօսեցաւ Ազգային ընդհանուր ժողովին մասին, որուն 42 անդամներուն մէկ եօթներորդ համեմատութիւնը կը կազմեն կրօնաւորները, իսկ 6/7-րդը` աշխարհականները: Ան նաեւ խօսեցաւ գործադիր իշխանութեան, Երեսփոխանական ժողովին (նախկին գաւառական), զայն կազմող կրօնական ու քաղաքական ժողովներուն եւ անոնց կազմերուն ու գործունէութեան մասին: Ան թուեց յիշեալ մարմիններուն կազմած յանձնախումբերուն անունները (Ուսումնական խորհուրդ, Դատաստանական խորհուրդ, Տնտեսական, կալուածոց եւ այլն)` ամփոփ գաղափար մը տալով անոնց գործունէութեան մասին: Կրօնական ու քաղաքական ժողովները կ՛ընտրուին երկու տարուան համար եւ անոնց անդամները վերընտրելի են: Սալմանեան նաեւ խօսեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան կազմին, կառոյցին եւ անոր առաքելութեան մասին: Եօթը, ինը կամ տասնմէկ անդամներէ բաղկացած այս կառոյցը կը գործէ չորս տարուան համար` մինչեւ Ազգային ընդհանուր ժողովի աշխատանքին աւարտը: Այս կառոյցը կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ: Պատասխանելով «Ազդակ»-ի հարցումներուն` դոկտ. Սալմանեան յայտնեց, թէ ոեւէ հայ իրաւունք ունի իր կարծիքը կամ առաջարկը յայտնելու յատուկ նամակով մը, հասցէագրուած` առաջնորդին, որ իր կարգին ներկայացուած հարցումը  կամ առաջարկը կը յղէ համապատասխան մարմինին:

Օրուան յաջորդ բանախօսը` Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ ազգային կառոյցներու հիմնադրութեան անհրաժեշտութեան, ստեղծման ազգային-քաղաքական պայմաններուն, անոնց գործունէութեան բնոյթին, առաքելութեան, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն: Այդ կառոյցները ժամանակի ընթացքին յարմարեցան նոր պայմաններուն, որոշ պատշաճեցումներով եւ հանգրուան առ հանգրուան կազմակերպուեցան ու յառաջացուցին նոր կառոյցներ մեր դատը, ինքնութեան թէ մշակութային առանձնայատկութիւնները միջազգային տարողութեամբ տարածելու եւ ծանօթացնելու նպատակով: Ներկայիս այդ կառոյցները կը դիմագրաւեն զանազան դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ, ինչպէս` մարդուժի տագնապ, տնտեսական դժուարութիւններ, երիտասարդ տարրերու ներգրաւման աշխատելաոճի բացակայութիւն, նորարարութեան եւ ուժականութեան առաջադրանքով յառաջդիմելու անհրաժեշտութիւն: «Որեւէ աշխատանք պէտք ունի մթնոլորտի եւ միջավայրի, ուր հետապնդուին հիմնական ու առաջնահերթ նպատակներ», ըսաւ Հաւաթեան` ընդգծելով, որ հակառակ մեր դիմակալած բոլոր տագնապներուն, տակաւին հայեացքները ուղղուած են լիբանանահայ գաղութիւն վրայ: Յակոբ Հաւաթեան շեշտեց Միջին Արեւելքի հայրենամերձ գաղութներու գործունէութեան եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ երբ այս գաղութները կը վտանգուին եւ հարուածներու թիրախ կը դառնան, կը տուժեն բոլորը` գաղութներն ու հայրենիքը: Հաւաթեան այս գծով մէջբերեց Արամ Ա. կաթողիկոսի այն խօսքը, թէ` «գացողներուն չենք կրնար արգիլել, բայց մնացողներուն կ՛ըսենք` յարգա՛նք ձեզի»:

Աւարտին դաստիարակչական յանձնախումբը ներկաներուն բաժնեց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի ծննդոցին մասին թերթիկ մը:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Դոկտ. Արա Սանճեանի Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին

RelatedPosts

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին  Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին  23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր
Գաղութային

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին 23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր

November 13, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ

November 12, 2026
Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.