Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Զանազան Շրջաններ Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձան, Ներառեալ` Ազիզիէ Եւ Պըսթան Գըլափ. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Փետրուար 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10994325_440454722773205_1967071946122861799_o11006480_654324598002903_1075571208788960055_n«Բերիոյ նիուզ»-ը կը հաղորդէ, որ քանի մը օրէ ի վեր Հալէպի եւ արուարձաններուն մէջ սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ, յատկապէս զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն դէմ:

Մինչ սուրիական բանակը նկատառելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ Հիւսիսային եւ արեւմտեան արուարձաններուն մէջ եւ քաղաքը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ թիրախ կը դարձնեն քաղաքի խաղաղ բնակչութիւնը:

Երէկ` երեքշաբթի, 17 փետրուար 2015-ին, կէսօրէ առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձան Հալէպի զանազան շրջանները: Մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ եւ հայաբնակ Ազիզիէ շրջանի «Ֆորեսթա» սրճարանին դիմացը եւ անոր մօտիկ վայրեր ռմբակոծուեցան:

Միւս կողմէ, քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Գըլափ վաճառատուներու շրջանը եւս հրթիռակոծուեցաւ: Վերոնշեալ շրջանը 5 հրթիռներու (կազի տակառներ) թիրախ դարձաւ: Նշենք, թէ շրջանի խանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու. հրթիռներէն մէկը ինկաւ արհեստաւորի մը խանութը, բայց բարեբախտաբար չպայթեցաւ, ուրիշ մը` «Հարամ» ընկերութեան մօտ:

Թիրախ դարձաւ նաեւ Մոկամպօ, Թըշրին թաղամասը եւ այլն:

Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 8 զոհեր եւ 36 վիրաւորներ:

Յայտնենք, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն եւ խանութներուն: Տակաւին չենք նշեր անոր պատճառած վախի, սարսափի ու հոգեկան խանգարումներուն մասին:

Երկուշաբթի օր նոյնպէս Հալէպի Սըրիան Ալ Ատիմ շրջանին մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Փետրուարեան Ապստամբութիւնը Ու Քանի Մը Կէտեր Միայն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցական Նամակներ Կը Յղէ Եգիպտոսի Նախագահին Եւ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս
Գաղութային

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?