«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան կազմակերպութեամբ, հայ համալսարանաւարտներու շարժապատկերի փառատօն մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 20 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նոյն թատերասրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Յովսէփեան: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկը կը միտի քաջալերել ու հանրութեան ծանօթացնել լիբանանահայ հինգ երիտասարդներու լսատեսողական մասնագիտութեան իբրեւ աւարտաճառ պատրաստուած շարժապատկերները: Նախ գեղեցիկ շարժապատկերով մը ներկայացուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի պատմական ակնարկը, ուր լուսարձակի տակ առնուեցան այն բոլոր ժամանակները, դժուարին օրերն ու պայմանները, որոնց յաղթահարումով իրականութիւն դարձած է լիբանանահայութեան մշակոյթի եւ արուեստի տունը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը: Բոլոր հին թէ նոր վարչութիւնները ճիգ չեն խնայած թատերասրահի յարատեւ բարեկարգման ու միշտ հետամուտ եղած են անոր` ներկայ պայմաններուն պատշաճեցման ու յարմարեցման: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը կը շարունակէ մնալ արուեստագէտներու ժամադրավայր եւ լաւագոյն թատերասրահներէն մէկը:
Ապա համալսարանաւարտները հերթով բարձրացան բեմ, իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին ներկաներուն, շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին թատերասրահի վարչութեան` ընձեռուած այս աննախընթաց առիթին համար, ապա իրենց ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են իրենց գործի յաջողութեան:
Յաջորդաբար ցուցադրուեցան հինգ կարճաժամկէտ ժապաւէններ, որոնք կեանքի իրապաշտ պատկերներ էին: Շրջանաւարտ Արազ Կիտանեանի բեմադրած «Reality check» ժապաւէնը կը ներկայացնէր ընտանիքի մը ծանր առօրեան, կեանքի դժուարութիւններէն յուսահատ, դէպի լաւը ձգտելու համար նոյնիսկ անհեթեթ քայլերու դիմելը, ապա` յուսախաբութիւնը:
Գօգօ Տիշչեքենեանի բեմադրած «The search» ժապաւէնին նիւթը առնուած է Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած իրական դէպքէ մը, ապա անոր տրուած է լիբանանեան դրոշմ ու միջավայր: Ժապաւէնը անվերջ փնտռտուք մըն է, որուն ընթացքին մարդ մինակ կը մնայ եւ անօգնական` իր շրջապատէն: Վազք ու հեւք, փնտռելու ծարաւ ու ապա` ունայնութիւն:
Էթիեն Սէքունեանի բեմադրած «Une Favure» ժապաւէնը կը խօսի մարդկային ողբերգութեան մը մասին, երբ հոգին վիրաւոր է անզօր մարմինի մը մէջ: Ֆիզիքական անկարութեան միակ հանգիստը հանդերձեալ կեանքի մը տենչն է: Մարդ կը տենչայ մահը` իբրեւ միակ միջոց ձերբազատելու իր անկարողութենէն եւ ինչու չէ իր հոգեկան ցաւէն ու մանաւանդ մինակութենէն: Մահը կը բուժէ ամէն ցաւ:
Նժդեհ Մկրտիչեանի բեմադրած «Une Derniere Fois» ժապաւէնը կը խօսի հայրենի տան մասին` իբրեւ արժէք: Կեանքի դժուար պայմաններուն բերումով ընտանիքներու հեռացումը որոշ արժէքներէ:
Շարժապատկերը կը խօսի նաեւ հին ու նոր սերունդներու մտայնութիւններուն հակադրութեան մասին: Հիմնական գաղափարն էր, որ մարդու ներկան կը կառուցուի անցեալի արժէքներուն եւ յիշատակներուն վրայ, որոնք մարդու էութիւնն են, բայց միւս կողմէ կեանքի պայմանները կը ստիպեն տեղի տալ:
Թոնի Փարթամեանի «Հրամեցէք» ժապաւէնը արդէն մրցանակ շահած շարժապատկեր է: Կաղանդի գիշերուան սեղանի մը պատրաստութիւնը կը ներկայացուի ծնողքի մը կողմէ, որոնք իրենց կարելին կ՛ընեն ու բծախնդրօրէն կը շտկեն Կաղանդի սեղանը, նուէրները, ապա տօնածառը: Կ՛ապրին տօնական մթնոլորտը եւ կը սպասեն իրենց զաւակներուն, որոնք չեն գար: Հայրն ու մայրը Կաղանդի գիշերը կ՛անցընեն տօնածառին դիմաց, հայրը մէկ առ մէկ կը յիշէ իր զաւակները եւ կը շարունակէ մնալ իր շատոնց արդէն քունի մտած կնոջ կողքին միշտ սպասելու պատրաստ վիճակին մէջ, բայց հաշտ ու բարի:
Ժապաւէններու ներկայացումէն ետք բեմ բարձրացաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Աֆարեան, որ հինգ շրջանաւարտներուն նուիրեց յուշանուէրներ: Նոյն առիթով յուշանուէր ստացաւ նաեւ բեմադրիչ եւ դերասան Վարդան Մկրտիչեան:
Հանդիսատեսին երկար ու ջերմ ծափահարութիւնները լաւագոյն թարգմանն էին երիտասարդ բեմադրիչներու խրախուսանքին եւ քաջալերանքին: Աւարտին շրջանաւարտները ընդունեցին շնորհաւորանքներ: