Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկենդանի Աւանդական Տօնը` Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններուն Մէջ

February 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22115_paregentan2«Բարեկենդանը խնճոյքի եւ ուրախութեան օր է»: Պատանիներուն այս արտայայտութիւնը խօսքէն աւելի իր ցայտուն իմաստն ու մթնոլորտը մարմնաւորեց պատանեկան ձիրքերու յայտնաբերումով` թէ՛ ծպտուելու եւ թէ՛ ալ աւանդական այդ իւրայատուկ խանդավառութիւնը սփռելու պատանեկան միութիւններուն մէջ:

Այսպէս, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբը` նպատակադրելով  փոխանցել հայկական աւանդական տօներու խորհրդանշական արժէքը սերունդէ սերունդ, կազմակերպեց Բարեկենդանի նշման օր շաբաթ, 21 փետրուար 2015-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, կրտսեր եւ երէց պատանեկան միութիւններուն համար:

126 կրտսերներու ներկայութեամբ, ձեռնարկը սկսաւ Բարեկենդանի աւանդական պատմութեամբ, զոր բեմականացուցին «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ: Իրենց տուներէն ու ակումբներէն իսկ սկսած եռանդը ամբողջ յետմիջօրէին շարունակուեցաւ պատանիներուն աշխուժ խաղերով ու պարերով, որոնք լաւագոյն առիթն էին  դիմաւորելու հետաքրքրական տիպարներով ծպտուած պատանիները եւ փոխանակելու միութիւններուն, պատանիներուն ու անոնց ծնողներուն ստեղծագործութիւնը բոլոր պատանեկան միութիւններուն հետ:

Նոյն վայրին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, 176 երէց պատանիներ դիմաւորուեցան «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան փունջ մը հայկական ճոխ երգերով` ներկայացուած շուիի, տհոլի, կիթառի ու թմբուկի վրայ, որմէ ետք անոնք առիթը ունեցան աւելի ծանօթանալու Բարեկենդանի աւանդութեան ու իմաստին: Ձեռնարկի ընկերային մթնոլորտը իրենց շուրջպարերով, հաճելի ստեղծագործութիւններու ներկայացումներով եւ յեղափոխական երգերով բոցավառեցին պատանիները`  նախաքայլը հանդիսանալով անգամ մը եւս միասնաբար հանդիպելու եւ օրուան եռանդը ներդրելու պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն մէջ:

 

Նախորդը

Նշմար. Մեր «Ղեկավարները»

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Յասմիկ Շահինեանի «Այն Օրը, Երբ…» Մանկական Գիրքի Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Զինադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ Ամերիկայի  Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Եւ Իրան Պատերազմին
Գաղութային

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Զինադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Եւ Իրան Պատերազմին

March 12, 2026
Պալապանեան. «Կը Հաւատանք, Որ Արտասահմանի  Լիբանանահայերը Պիտի Ընդառաջեն  Օժանդակութեան Որեւէ Առաջարկի»
Գաղութային

Պալապանեան. «Կը Հաւատանք, Որ Արտասահմանի Լիբանանահայերը Պիտի Ընդառաջեն Օժանդակութեան Որեւէ Առաջարկի»

March 11, 2026
Բագրատունի. «Պահպանե՛նք Մեր Բանակը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Պահպանե՛նք Մեր Բանակը»

March 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.