2015 տարին պատմական է ամբողջ հայութեան համար: Այս տարի համահայկական տարողութեամբ պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ պահանջատիրական վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք մեր արդար դատի հետապնդումը: Համահայկական խաղերու Կեդրոնական կոմիտէն որոշած է այս տարուան օգոստոս ամսուն կազմակերպել Համահայկական 6-րդ խաղերը` Հայաստանի մէջ:
Համահայկական 6-րդ խաղերուն բացումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 2 օգոստոս 2015-ին, իսկ փակման հանդիսութիւնը` 13 օգոստոս 2015-ին: Մօտաւորապէս երկու շաբաթներու վրայ երկարող այս խաղերը պիտի համախմբեն աշխարհացրիւ հայութեան հայ մարզիկները եւ մարզական բարձր ոգիի յանձնառութեամբ պիտի մրցին իրարու դէմ:
Առ այդ Լիբանանի Համահայկական խաղերու միացեալ մարմինը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր մարզական միութիւններուն` մասնակցելու խաղերուն ազգային բարձր գիտակցութեան համոզումով:
Լիբանանի Համահայկական խաղերու միացեալ մարմինը կը շարունակէ իր հերթական ժողովները եւ պարբերաբար հաղորդ կը պահէ իր կատարելիք գործունէութեան մասին:
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ