Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Մարդկային մարմինի մակաբոյծեր` կանխարգիլում եւ բուժում»-ը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի մասնագէտ` տոքթ. Էլի Թաշճեան:
Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ Լիբանանի պետական սպասարկութիւններուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին կենսոլորտի նկատմամբ ունեցած անփութութեան պատճառով, ոչ մաքուր ըմպելի ջուրը, բանջարեղէնները ոռոգելու համար օգտագործուած ապականած ջուրը, ինչպէս նաեւ կարգ մը սպանդանոցներու մէջ առողջապահական չափանիշներու թերի կիրարկումը եւ կենսական առողջապահական պայմաններու բացակայութիւնը պատճառներ են, որ մեր սպառած ուտելիքները յաճախ վարակուած ըլլան տեսակաւոր մակաբոյծերով:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով մակաբոյծը: Մակաբոյծերը ապրող օրկանիզմներ են, որոնք կ՛ապրին եւ կը գոյատեւեն այլ օրկանիզմի մը հաշուոյն: Անոնք կրնան ըլլալ մարդու կամ անասունի մարմնին մէջ կամ վրան:
Մակաբոյծերը կրնան ապրիլ մարմնի որեւէ ներքին թէ արտաքին մասի մէջ թէ վրան, եւ կը սնին այդ օրկանիզմի հաշուոյն:
Մակաբոյծերու տեսակները: Փրոթոզոուայ, Հելմիթզ (որդեր) եւ էքթոփարազայթս:
Փրոթոզոուայ: Միաբջիջ օրկանիզմներ են եւ առատօրէն կը բազմանան: Մենք զանոնք կրնանք տեսնել միայն մանրադիտակի օգնութեամբ:
Հելմիթզ (որդեր): Բազմաբջիջային եւ բարդ կառոյց ունեցող մակաբոյծեր, անոնք կ՛ապրին մարդու աղիքներուն կամ ենթամաշկին մէջ:
Էքթոփարազայթս: Միջատներ, որոնք կ՛ապրին մարդու մարմնին վրայ, օրինակ` ոջիլը կամ գոսը:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան մանրամասնօրէն ներկայացուց ախտանշանները:
Տարբեր մակաբոյծեր ունին տարբեր ախտանշաններ, որոնք կը զանազանուին իրարմէ:
Փրոթօզոուայի պարագային ախտանշանները կրնան ըլլալ` ստամոքսի եւ աղիքային համակարգի խանգարում, անմարսողութիւն, սրտխառնուք, ջերմութեան բարձրացում, որովայնի ցաւեր կամ փորհարութիւն:
Աղիքային որդերու պարագային` անմարսողութիւն, սրտխառնուք, յաւելեալ լորձի արտադրութիւն, որովայնի ցաւեր, գլխացաւ եւ գլխապտոյտ կամ հետանցքի քերուըտուք:
Էքթոփարազայթի պարագային քերուըտուքը հիմնական ախտանշան է:
Դասախօսը նաեւ անդրադարձաւ մալարիայի հիւանդութեան ընթացքին ու տարածման:
Կանխարգիլման միջոցներուն մասին խօսելով` տոքթ. Էլի Թաշճեան նշեց նախ եւ առաջ մաքրութիւնը եւ երկրորդ` հականեխումը: Յիշեց երկու մարզեր, որոնք մաքրութեան եւ հականեխելու լաւագոյն միջոցները պէտք է կիրարկեն, սնունդով զբաղող բոլոր հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ ոռոգման ջուրի գործածութիւնը: Դասախօսը նաեւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս մեր տուներուն մէջ պէտք է լաւապէս հսկենք եւ կիրարկենք մաքրութիւնը եւ հականեխումը:
Աւարտին տոքթ. Էլի Թաշճեան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: