Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ այսու կը յայտնէ, որ 7 փետրուար 2015-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծարեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը` անոր շնորհելով Համազգայինի շքանշանը եւ պատուոյ գիրը:
Մեծարեալը իր գրական վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ սփիւռքահայ մշակոյթին իր երկարատեւ ծառայութեամբ նպաստած է անոր հարստացման:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 20 փետրուար 2015