Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրուան Տօնակատարութիւն. Ներկայացում` Ազգային Կեանքին Մէջ Հայ Կնոջ Բերած Ներդրումին

Մարտ 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-2-15_Lokh-1Կիներու միջազգային օրուան առիթով նախաձեռնութիւնները սկսան երէկ` երկուշաբթի, 2 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Հայ կնոջ բերած ներդրումը ազգային կեանքին մէջ» նիւթով դասախօսական ձեռնարկով:

Լիբանանահայ կիներու հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգով, ապա կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Շողիկ Խաչատուրեան ուղղեց բարի գալուստի խօսքը: Ջերմօրէն շնորհաւորելով Կիներու միջազգային օրը` Խաչատուրեան նշեց, որ ԼՕԽ-ը այս ձեռնարկով անգամ մը եւս կու գայ արժեւորելու հայ կնոջ դերակատարութիւնը` մանաւանդ հայ կեանքը յուզող ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն լոյսին տակ: Խաչատուրեան ներկայացնելով ձեռնարկին յայտագիրը նշեց, որ հայ կնոջ դերակատարութեան գովերգումը ձեռնարկին ընթացքին բացառապէս պիտի կատարեն տղամարդիկ: Ան նաեւ բաւական մանրամասն ներկայացուց օրուան դասախօսին` հալէպահայ անուանի գրող, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ բժիշկ Թորոս Թորանեանի կենսագրական գիծերը:

3-2-15_Lokh-23-2-15_Lokh-4Գեղարուեստական յայտագիրին ընդմէջէն Նժդեհ Պոտրումեան եւ Կարօ Քելեշեան մեկնաբանեցին աշուղական եւ ժողովրդային երգերու շարք մը:

Նշելով, որ Կիներու միջազգային օրը սկզբնապէս սկսած է նշուիլ 1857 թուականին` Միացեալ Նահանգներու մէջ, տոքթ. Թորոս Թորանեան յայտնեց, որ Ամերիկայէն միայն վատ բաներ, կրօնական ծայրայեղականութիւն, ՏԱՀԵՇ չեն արտածուիր, այլ նաեւ բարձր արժէքներ: Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս աւելի քան 100 տարի առաջ ստեղծուեցաւ ՀՕՄ-ը, որ իր ուսերուն վրայ առաւ հայ կիներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան հարցը: Այս ծիրին մէջ տոքթ. Թորանեան ընդգծեց, թէ երբ հայ կիները մտնեն հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, աշխատանքները աւելի արագ կ՛ընթանան:

3-2-15_Lokh-3Տոքթ. Թորոս Թորանեան պատմական ակնարկ մը նետեց մայրիշխանութեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ միջնադար` ներկայացնելով կիներու դերակատարութիւնը պատմական զանազան ժամանակաշրջաններուն: Այս ծիրին մէջ ան մանաւանդ կեդրոնացաւ կանուխ միջնադարու եգիպտացի կին գիտնական Հիփաթիա Աղեքսանդրիացիի կերպարին եւ անոր կրած դաժան ճակատագիրին վրայ:

Միջնադարը ճանչցուած է իբրեւ խաւարի դար, կիները պէտք չէր դպրոց երթային, ուսում ստանային: Սակայն հայկական իրականուոթեան մէջ Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»-ի ընդմէջէն կը տեսնենք, որ ամբողջական հաւասարութիւն հաստատուած է տղամարդոց ու կիներուն միջեւ: «Դատաստանագիրք»-ին մէջ մասնաւորաբար նշուած է, որ երջանիկ կինը այն կինն է, որ ուսում կը ստանայ:

«Հայ կիներու պարտականութիւնն է լիբանանեան հասարակական կարծիքին ու մտաւորական շրջանակներուն ըսել, որ մենք մշակոյթ ստեղծած ենք այս երկրին մէջ: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է Հայաստանի դեսպանը ըլլայ իր ապրած երկրին մէջ», ըսաւ տոքթ. Թորանեան: Ան հայոց պատմութեան կանուխ ժամանակաշրջաններուն ակնարկութիւններ կատարելով ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս հեթանոսութեան ժամանակաշրջանին հայ աստուածուհիներուն` Անահիտի, Աստղիկի ու Նանէի պաշտամունքին ընդմէջէն հայ մարդիկը մեծարած են հայ կինը: Քրիստոսի առաջին դարուն Էրատօ թագուհին ստանձնած է ղեկավար դերակատարութիւն: Կիլիկեան Հայաստանի մէջ Զապէլ թագուհին թագակից եղած է Հեթում թագաւորին, իսկ Կերան թագուհին` Լեւոն Գ. թագաւորին` մասնակցելով երկրին ղեկավարման աշխատանքին` զանազան մարզերու մէջ:

«Մեր մայրերը պարտաւոր են սորվեցնել իրենց զաւակներուն, որ հայութիւնը հերոսներ ծնած ազգ է: Սխալ է այն կարծիքը, որ 100 տարի առաջ մենք միայն ոչխարներու պէս մորթուեցանք, որովհետեւ մենք նաեւ կռուեցանք, հերոսամարտեր ունեցանք եւ շատ յաճախ այդ հերոսամարտերուն թէ ազգային-ազատագրական պայքարի կռիւներուն ընթացքին հայ կինը իր պատուաբեր մասնակցութիւնը ունեցաւ` կողք-կողքի հայ ֆետայիին հետ: Որեւէ տղամարդ պէտք չէ վերէն նայի հայ կիներուն», ըսաւ տոքթ. Թորանեան:

Այնուհետեւ տոքթ. Թորոս Թորանեան գաղութ առ գաղութ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պարագային բաւական մանրամասն ներկայացուց այն կիները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: «Այնքան ատեն որ երկու հայ կայ, անոնցմէ մէկը խաչուհի թող ըլլայ», իր խօսքը եզրափակեց օրուան պատգամախօսը:

Նախորդը

«Շնորհաւոր Ըլլայ Մեր Հայրենիքը Հայերէ Մաքրագործելու Հարիւրամեակը»

Յաջորդը

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 27-Ամեակին Առիթով Յիշատակի Հաւաք

RelatedPosts

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի  Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը

Մարտ 23, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In