1 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն հոգիներուն համար:
Այս տարի 27-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազրպէյճանցիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց իսկութեան մէջ թրքական ոճրային պատմութեան կրկնութիւնն էին, անպատիժ մնացած Հայոց ցեղասպանութեան մէկ արտայայտութիւնը: