Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. 85-Ամեակի Յոբելենական Տարուան Հանդիսութիւններու Սկիզբ

March 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_jemԵրեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտեան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` նշելու 3 մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ ճեմարանի 85-ամեակը:

Դպրոցի զանազան բաժիններէն խումբ մը աշակերտներ խօսք առին եւ անդրադարձան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան այդ օրերուն երկրորդական վարժարան մը հիմնելու ծրագիրին կարեւորութեան, Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի առաքելութեան եւ անոնց ճիգերուն ու նուիրումին շնորհիւ կերտուած Հայ ճեմարանի պատմութեան: Անոնք նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին Ճեմարանը` սկսելով Քանթարի թաղին մէջ վարձուած երկյարկանի շէնքէն եւ հասնելով մինչեւ Ծաղկաձորի դպրոցական այժմու համալիրը, յիշելով Ճեմարանի մեծ բարերարները եւ տնօրէնները` Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, Սիմոն Վրացեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ այժմ` Տիգրան Ճինպաշեան:

Տիգրան Ճինպաշեան
Տիգրան Ճինպաշեան

Աշակերտները իրենց խօսքը փակեցին ըսելով. «Բարի տարեդարձ Ճեմարան. դեռ շատ երկար տարիներ ապրիս ու նոր սերունդներ լուսաւորես»: Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ նախ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ տարեշրջանի մը սովորական վերամուտի ամսուան չի զուգադիպիր Ճեմարանի  առաջին օրը. երբ 85 տարիներ առաջ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ տուն-տեղ չունէին, այդ պայմաններուն մէջ հրատապ հարց էր դպրոց հիմնել եւ այդ սերունդին կրթութիւնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը ապահովել: Կարելի չէր սպասել. այդ պատճառով, տարեշրջանի կիսուն, վարձու շէնքի մը մէջ կը բացուի Ճեմարանը` 15 աշակերտներով:

Տնօրէնը ըսաւ, որ այդ 15 աշակերտները այսօր եղած են 700, աղքատութեան ու խեղճութեան մէջէն սկսած Ճեմարանը ծնունդ տուած է այնպիսի դէմքերու, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ կրթական, ազգային թէ հասարակական կեանքին մէջ:

Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այսօր 85 տարեկան` ծերացած, բայց տակաւին առոյգ ու կայտառ Ճեմարանին տարեդարձը կը նշենք: Այսօրուընէ կը սկսի բազմազան ձեռնարկներով լեցուն յոբելենական տարին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 3 մարտ 2016»:

Աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով` ջութակի ընկերակցութեամբ երեք աշակերտներու:

Նախորդը

Յետադարձ Ակնարկ` 2013-ի Հայաստանի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

«Պատմութեան Մէջ Արմատացած Քրիստոնեայ – Իսլամ Գործակցութեան Անհրաժեշտ Է Նոր Արեւելում Եւ Ուժականութիւն Տալ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.