Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քուէյթի Հայ Գործարարները Պիտի Մասնակցին Արցախի Մէջ Ներդրումային Ծրագիրներուն

March 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-2-15_kuwaitԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի հայազգի տասնեակ գործարարներու ներկայացուած են «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ընկերութեան ծրագիրները, որոնք միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ  գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան զարգացման: Գործարարները ծրագիրներուն ծանօթացած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան` 27 փետրուարէն 1 մարտին կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ  ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ վարչապետ Արա Յարութիւնեան բարձր  գնահատած է «ԱՌԻ» ընկերութեան վեցամեայ գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ` կարեւոր նկատելով անոր դրամագլուխին բարձրացման նշանակութիւնը: Ան  կատարուած ծրագիրներէն առանձնացուցած է յատկապէս գիւղատնտեսական փոքր վարկերու տրամադրումը եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքին մէջ 50 բնակարաններու կառուցումը, որ  տակաւին ընթացքի մէջ է, եւ ընկերային ծրագիրներու մէջ այդ բնակարաններուն մէկ  մասը պիտի տրամադրուի վերաբնակիչներուն, իսկ միւս մասը պիտի  վաճառուի արտօնեալ պայմաններով:

Յարութիւնեան յորդորած է ներդրողները գործուն մասնակցութիւն ունենալու ընկերութեան ծրագիրներուն մէջ: Հետագայ  համագործակցութեան վերաբերեալ ձեռք բերուած են շարք մը  պայմանաւորուածութիւններ գործարարներուն հետ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի ունենան «ԱՌԻ»-ի ներդրումային հիմնադրամի մեծացման գործին մէջ:

Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններուն եւ համայնքներու  հոգեւոր առաջնորդներուն հետ: Քննարկուած են համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնները եւ իրականացուած են  յստակ համաձայնութիւններ այդ ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Անգամ Մը Եւս Նշելով Սահմանը Բանալու Նախապայմանը. Էրտողան Ղարաբաղեան Տագնապը Չլուծելու Համար Կը Մեղադրէ Ուաշինկթընն Ու Մոսկուան

Յաջորդը

Դիւանագիտական Աստիճաններու Տուչութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.