Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 27-Ամեակին Առիթով Յիշատակի Հաւաք

Մարտ 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

16064083724_8b8a402e45_oՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 1 մարտ 2015-ին, Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու արարողութիւն` Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին:

Նոյն օրը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին: Յընթացս Ս. պատարագին սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 1988-ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցաւ անզէն հայորդիներու բնաջնջում, ունեցուածքի թալան եւ ոչնչացում, թէ ինչպէ՛ս երեք օրուան ընթացքին զոհ գացին անմեղ հայեր, իսկ հազարաւոր հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց տունն ու տեղը:

Սրբազան հայրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին  խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական բարբարոսութիւնները եւ յայտնեց, որ 27 տարի առաջ կատարուած եղեռնագործութիւնը ցարդ քաղաքական գնահատական ստացած չէ ու մնացած է անպատիժ, միւս կողմէ սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ինչպէ՛ս Սումկայիթի իրադարձութիւնները նպաստեցին հայութեան գիտակցութեան, եւ եթէ արցախեան պահանջատիրութիւնն ու ինքնապաշտպանական կռիւները չկազմակերպուէին, գուցէ նոյն ցաւոտ ճակատագիրին ենթարկուէր նաեւ արցախահայութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ պէտք է ամէն գնով դատապարտել ոճիրը եւ  միաժամանակ սատար կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին` միասին շարունակելու համար գոյատեւման պայքարն ու բարգաւաճման ուղին:

16064078924_7ebe7b602016685065451_854eee2462_oԱյնուհետեւ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք` եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթք, ապա` զետեղուեցան ծաղկեպսակներ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 1988-ին տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն, դէպքերուն եւ անմարդկային արարքներուն վրայ, որոնք իրագործուեցան ազրպէյճանցիներուն կողմէ: Դեսպան Քոչարեան նշեց կարեւորութիւնը արցախեան շարժումին, որուն շնորհիւ հայութիւնը դարձաւ միասնակամ ու յաջողեցաւ տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն, հողը պաշտպանեց իր արիւնով եւ դարձաւ անկախ ու ինքնիշխան:

Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի ժողովուրդը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ պաշտպանելու գոյութեան իր իրաւունքը, պաշտպանելու իր արժէքները, իր եկեղեցիներն ու խաչքարերը: Լեռնային Ղարաբաղը կայացած պետութիւն է, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կը զարգացնէ իր տնտեսութիւնն ու մշակոյթը, կը պաշտպանէ խաղաղութիւնը:

Դեսպան Քոչարեան անդրադարձաւ, որ  2015 թուականը յոյժ կարեւոր եւ խորհրդանշական տարի է հայութեան համար, որովհետեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ազգը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, ապա ըսաւ, որ ազգովին կը պատրաստուինք նշելու կեանքի յաղթանակը մահուան նկատմամբ` ընդգծելով վերապրելու, վերածնելու եւ ազատագրուելու այն հերոսական ու փառահեղ ուղին, որմէ անցեր է մեր ժողովուրդը: Ապա ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «27 տարի ետք մեր գլուխը կը խոնարհեցնենք սումկայիթեան անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ` համոզուելով, որ հայերուն նկատմամբ կատարուած եղեռնագործութիւնները պիտի դատապարտուին ամբողջ մարդկութեան կողմէ: Կը գիտակցինք, որ միայն մեր միասնական կամքով ու հաւաքական ուժով կրնանք հզօրացնել մեր հայրենիքը եւ ապահովել մեր բոլոր իղձերուն եւ ծրագիրներուն իրականացումը»:

Ռաֆայէլ Ումուտեան
Ռաֆայէլ Ումուտեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով խօսք առաւ Ռաֆայէլ Ումուտեան: Ան նկատել տուաւ, որ Սումկայիթի վայրագութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ հայը չի կրնար երբեք հանգիստ ու խաղաղ ապրիլ դրացի թրքական ժողովուրդներուն հետ, քանի որ նման հաւաքականութիւններու մօտ տիրական է հայատեացութիւնը եւ անմարդկային մօտեցումը:

Ան շեշտեց, որ սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը մանրապատկերն է Հայոց ցեղասպանութեան, ժամանակն ու միջավայրը տարբեր են, բայց բնաջնջելու մղումն ու անոր ետին կանգնած պետական ամբողջ քաղաքականութիւնը կը մնան նոյնը:

Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Սումկայիթի ջարդը եկաւ կերպարանափոխելու արցախեան ազատագրական պայքարին բնոյթը, որովհետեւ Սումկայիթը թափ տուաւ ազատագրական պայքարին` վերականգնելու համար պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ հատուածին` Արցախի հայկականութիւնը:

Ումուտեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Կը պահանջենք, որ միջազգային ընտանիքը իրաւական գնահատական տայ եւ դատապարտէ Սումկայիթի եղեռնագործութեան ետին կանգնած Պաքուի իշխանութիւնները»:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մեր Հայրենիք»-ով:

Նախորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Տօնակատարութիւն. Ներկայացում` Ազգային Կեանքին Մէջ Հայ Կնոջ Բերած Ներդրումին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In