Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց` «Երիտասարդութիւնը Ի՞նչ Կ՛ակնկալէ Ազգային Միացեալ Վարժարանէն» Նիւթով

Փետրուար 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22715_zr-2Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ի՞նչ կ՛ակնկալէ Ազգային միացեալ վարժարանէն» խորագիրը կրող մտերմիկ զրոյցը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 փետրուար 2015, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

22715_zr-1Զրոյցին մասնակից երիտասարդներն էին Ալին Նաքքաշեան, Շաղիկ Չափարեան, Ցոլեր Աղճեան, Լորի Վարդանեան, իսկ զրուցավարը` Սիլվա Փափազեան:

Րաֆֆի Տեմիրճեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նշեց, որ մտերմիկ զրոյցը անպայման բազմատեսակ հարցումներ ուղղելու նպատակ չի հետապնդեր, այլ Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման աշխատանքը ներկայացնելու եւ լսելու երիտասարդներու ակնկալութիւնները այս վարժարանէն: Ան նշեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը նշոյլի նոր վերելք մըն է, եւ հարկ է հաւատարմաբար դիմագրաւել մարտահրաւէրները եւ կառուցել այս կրթական ու ուսումնական համակարգը ամբողջական իմաստով: Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ Միացեալ վարժարանը պիտի դառնայ հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան դարբնոցը եւ փայլուն ապագայ կերտելու կռուանը:

Տեսերիզով մը ներկաները ծանօթացան Ազգային միացեալ վարժարանի մասին ժողովրդական վկայութիւններու, անհատական կարծիքներու ու մտահոգութիւններուն:

Սեդա Մանկասարեան
Սեդա Մանկասարեան

Ապա Ուսումնական խորհուրդի անդամ Սեդա Մանկասարեան զեկուցեց վարժարանի ընդհանուր ծրագիրին, տեսլականին, առաքելութեան եւ կառուցման աշխատանքներուն մասին: Ան յայտնեց, որ ազգային վարժարաններուն աւանդը շարունակող Ազգային միացեալ վարժարանը պիտի ըլլայ մանկավարժական այն հիմնարկը, ուր դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կիրարկել արդիական միջոցներով լիբանանեան ծրագիրը, միջազգային կրթական ծրագիր, արհեստից վարժարանի ծրագիր եւ հայերէնագիտական նիւթերու արդիական ծրագիր: Վարժարանին տեսլականն է պատրաստել յանձնառու հայեր, զարգացնել հայ աշակերտին քննական միտքը եւ հետազօտական մտածողութիւնը:

Ան պատկերներով ներկայացուց կառոյցի բոլոր բաժանմունքները իրենց ներքին դասաւորումներով, կահաւորումներով, սենեակներով ու սրահներով, աշխատանոցներով ու տարրալուծարաններով: Ապա ներկայացուց շինարարական աշխատանքի հանգրուանները եւ ամբողջ աշխատանքին ընթացքը համապատասխան նկարներով ու պատկերներով:

Առիթը տրուեցաւ օրուան զրուցավարին ու չորս զրուցակիցներուն, որոնք գրաւելէ ետք իրենց տեղերը, սկսան ներկայացնել իրենց ակնկալութիւնները Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման մասին: Անոնք կարեւոր նկատեցին կրթական հաստատութիւններու կառուցային առումով նորարարական ըլլալը, բայց նաեւ շեշտեցին, որ դպրոցի որակը այնքան ալ կապուած չէ արտաքին կառոյցով ու գեղեցիկ արդիւնաւէտ կահաւորումով, այլ գիտութիւն ջամբելը եւ ուսումնական ծրագիրի յստակ ու ամբողջական իրագործումը աւելի մեծ հրամայական է:

Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ քաղաքական բարդ ու անորոշ կացութեան մէջ ինչքանով սերտուած է այս նախաձեռնութիւնը. հարցադրումի տակ առնուեցաւ, թէ ինչի՛ կը միտի վարժարանը, հայ գաղութի գոյատեւմա՞ն, թէ՞ հայրենադարձութեան. ճշդուա՞ծ է հայ ապագայ սերունդի հեռանկարը: Անոնց յայտնած մտահոգութիւններէն մէկն էր նաեւ, որ ներքին վարչական տնօրինումները իրականացուին արհեստավարժ ուժերու մասնակցութեամբ, եւ դրուած բոլոր չափանիշները, ըլլան անոնք աշխատանքային կամ վարչական ըլլան արդար ու յստակ:

Անոնք իրենց անձնական փորձառութիւններէն մեկնելով խօսեցան կրթական ծրագիրներու ճշդման ու նպատակաուղղուած ձեւով իրականացման մասին: Առաջարկներ եղան օգտուելու ուսուցիչ, ղեկավար, խորհրդատու անմիջական մարմիններէն, որոնք ուղղակի եւ ընդհանուր առմամբ կ՛առնչուին գիտելիքի ճիշդ փոխանցման կարեւորութեան:

Զրուցակիցները ներկայացուցին նաեւ իրենց մտահոգութիւնը, թէ որքանո՛վ Ազգային Միացեալ վարժարանը տնտեսապէս ինքնաբաւ պիտի ըլլայ եւ պիտի կարենայ մնայուն եկամտաբեր աղբիւր մը ունենալ հոգալու համար կրթական կարիքները, որովհետեւ համեստ դասակարգի պատկանող ընտանիքներու զաւակներն են աշակերտները առաւելաբար:

Անոնք ըսին, որ վարժարանը արհեստավարժ մօտեցում պէտք է ցուցաբերէ վարչական եւ ծրագրային իմաստով: Պահանջն ու շեշտը պէտք է դրուին արհեստավարժութեան վրայ:

Անձի կազմաւորման ու հայակերտման հոլովոյթին մէջ անոնք կարեւոր նկատեցին ազդեցութիւն ու դրոշմ ունենալ իբրեւ ազգային կրթական ուսումնական հաստատութիւն:

Անոնք կարեւոր նկատեցին նաեւ արհեստագիտական այս դարուն ծնողք-վարժարան-աշակերտ եռեակի սերտ ու ջերմ համագործակցութիւնը:

Մասնակիցները անդրադարձան նաեւ հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան, որով պիտի տարբերի վարժարանը կրթական այլ հաստատութիւններէ: Հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնն ու Հայ դատը կապել առօրեային հետ եւ ըլլալ այժմէական: Անոնք յայտնեցին, որ պէտք է հայ մարդ պատրաստել, մտածող սերունդ պատրաստել:

Զրոյցի աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ Շահէ  եպս. Փանոսեան: Ան գնահատեց երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները եւ ըսաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանը իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ ժրաջան հայորդիներուն, որոնք ոգի ի բռին աշխատեցան յաջողցնել ծրագիրը:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մարդուժի տագնապը մեծագոյն տագնապներէն մէկն է: Եւ իբրեւ հայ համայնք, մեր պատրաստած ուժերը  պարտաւոր ենք մէկտեղելու, աշխատանքի հրաւիրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողութեամբ ի գլուխ հանել այս առաքելութիւնը, որուն կարիքը ունին շրջանի բոլոր գաղութները: Ան նկատել տուաւ, որ ազգային թաղային վարժարանները տասնամեակներ շարունակ պահեցին  մեր հաւաքական արժէքները եւ փոխանցեցին զանոնք սերունդէ սերունդ: Եւ այս պահպանման գործին մէջ ժողովուրդն ալ իր մասնակցութիւնը բերած է ու պիտի շարունակէ բերել: Պէտք է աշխատիլ հաւատարմութեամբ` հաւաքական ապագային ի խնդիր, յանուն սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ կամրջման ու իրարմով հզօրացման:

Առաջնորդ սրբազանը աւարտեց խօսքը ըսելով, թէ ինչպէս որ դարեր առաջ հայ մշակոյթ կերտողները կերտեցին հայոց Ոսկեդարը, նոյնպէս կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը տակաւին ունի ապրելու զօրաւոր կամք, ունի պատրաստակամութիւն բոլոր միջոցները հայթայթելու` իրականացած տեսնելու համար բոլոր ակնկալութիւնները: Դարերէ ի վեր փոխանցուած աւանդն ու աւանդութիւնը պիտի շարունակուի  նոր սերունդին այլ ներդրումով, որպէսզի ապրի հայ վարժարանը, հայ ազգը իր շունչը երկարէ ու ապրի, ապրեցնէ իրեն հետ նաեւ Հայաստան հայրենիքը:

 

 

Նախորդը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերը 100-րդ Ապրիլ 24-ին Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?