Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի «Մաթոսեան» Սրահին Մէջ Ցուցադրելով Իր Գործերը`. Գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի Գոյներու Եւ Գիծերու Պարային Ներդաշնակումով Ուրուագծած Պատգամաբոյր Երկխօսութիւնը

Յունիս 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

6-05-15_aydenianԱնցնող 5 յունիսէն ի վեր Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ կը շարունակուի լիբանանահայ գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի անհատական 6-րդ ցուցահանդէսը, որ կ՛երկարի մինչեւ 16 յունիս: Խորապէս ազդուած իր մեծ հօր` սուրիահայ գեղանկարիչ Սահակ Ոսկեանի գեղանկարչական ստեղծագործութիւններէն, Լենա Այտընեանի ներաշխարհին մէջ փոքր տարիքէն խմորուած է արուեստի ստեղծագործական մղումն ու զայն արժեւորող բնատուր ձիրքը: Դամասկոսի մէջ դիտելով իր մեծ հօր գործերը` մանկատի Լենա Այտընեան միշտ խորասուզուած է անոր գոյներուն մէջ, ճամբորդելով դէպի իր ներաշխարհի խորաթափանց անջրպետը: Սակայն իր մէջ աճող այդ ստեղծագործ ձիրքը ան նախ կը դրսեւորէ իբրեւ բնազդային փափաք մը, մղում մը յագեցնող «զբաղում», որ սակայն հետզհետէ կուտակուելով  «կը պոռթկայ» իր ներաշխարհի զգացումներով  ու թրթռացումներով:

Երբեմն գեղանկարչական յատուկ հիմնարկներու մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումն ու մասնագիտացումը կատարելագործած «արուեստագէտներ» տեղքայլի մէջ կը յայտնուին միջակութիւններու մէջ, ուր ակներեւ կը դառնայ ենթակային մերկութիւնը իր բնատուր ձիրքէն: Մասնագիտութեամբ դեղագործ Լենա Այտընեանի պարագային պատկերը կը շրջուի: Արդարեւ, հակառակ դեղագործի իր դարմանական ճիգերուն առօրեայ հեւքին ու իրեն դիմող մարդոց ցաւերու եւ դառնութիւններու ականատեսի հոգեվիճակին, Լենա Այտընեան կը յաջողի պատգամաբոյր իւրայատուկ երկխօսութիւն մը ստեղծել, իր ուրուագծած գոյներու եւ գիծերու պարային, երբեմն` խելայեղ բայց ներդաշնակ հաղորդականութեան միաձուլումով: Երկխօսութիւն` կեանքի խինդ թէ դառն իրավիճակին ու ներաշխարհի երեւակայական անջրպետին միջեւ: Երկխօսութիւն, որ գոյներու եւ գիծերու միաձուլման ներդաշնակ հաղորդականութեան ստեղծած գեղեցկութենէն անդին, կը փոխանցէ մէկէ աւելի պատգամներ, դիտողը մղելով խորհրդածելու, վերլուծելու պատկերէն անդին պարզուող ուրուագիծը:  Պատգամ, թէ որքա՛ն ալ մեր մարմինը մաշեցնող դառն ու հեւքոտ ըլլան առօրեայ ընկճումներն ու դժուարութիւնները` անոնց յառաջացուցած հոգեվիճակը կարելի է հանդարտեցնել գիծերու եւ գոյներու գիրկընդխառնումով, ուր տիրական են կապոյտն ու կանաչը, խորհրդանիշ` յոյսի ու լաւատեսութեան, ինչպէս կը հաստատէ գեղանկարիչը ի՛նք: Այլ պատգամ մը, թէ որքա՛ն ալ ծանր ու հեղձուցիչ ըլլան կեանքի առօրեայ ճնշումները, կարելի է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները` անսալով մեր ներաշխարհի կանչին, հետեւելով մեր բնազդային մղումին ու իրագործել մեր «ես»-ը: Մարտահրաւէր մը, զոր արուեստագէտ Լենա Այտընեան յաջողած է յաղթահարել եւ իրագործել իր ներաշխարհի «ես»-ը, «կամենալը կարենալ է» կարգախօսով: Գեղանկարչական մասնայատուկ կարճատեւ դասընթացքի մը հետեւիլը նմանապէս գեղանկարիչ Մարալ Փանոսեանի մօտ բաւարար էր, որ երիտասարդ դեղագործին ներաշխարհը պոռթկայ իր գոյներով ու գիծերով եւ կեանքի այլազան դառնութիւնները դիմակալելու յենարանները ուրուագծող խորհրդանիշերով, ինչպէս` խնձորը, ծառը, նուռը եւ այլն:

Երիտասարդ արուեստագէտին հետ մեր կարճատեւ, բայց մտերմիկ զրոյցը բաւարար էր թափանցելու անոր ներաշխարհի բնատուր ձիրքի ծալքերուն, ուր կը տողանցեն մարդկային ցաւերու հոգերն ու դառնութիւնները եւ ուր միաժամանակ ան հեռու միօրինակութենէ` չինական մելանի թէ իւղաներկի վրձինի հարուածներով կը փորձէ յոյս ու խինդ ներարկել իր գործերը դիտողին ներաշխարհին մէջ, արուեստագէտին բառերով` գործերուս պատկերը հայելիի նման է, զայն դիտողը կը զգայ, թէ հոն կ՛արտացոլայ իր ներքին հոգեվիճակը:

Աւելի քան յիսուն հաւաքական ցուցահանդէսներու մասնակցութեամբ ճոխացած ու ամրագրուած արուեստագէտի «փորթֆոլիօ»-ով ան ներկայիս հանրութեան կը ներկայանայ իր վեցերորդ անհատական ցուցահանդէսով, ուր ուշագրաւ են Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ» գաղափարն ու վարկածը յիշեցնող` «Աշխարհը ափի մէջ» Լենա Այտընեանի մտայղացքի դրսեւորումը: Հոն տիրական է իգական դէմքը իր տարբեր, այլազան կերպարներով: Լենա Այտընեանի գործերուն մէջ ուշագրաւ է նաեւ արաբական աշխարհի հանրածանօթ երգչուհի, «Արեւելքի աստղը» մակդիրով ծանօթ Ում Քալթումի իւղաներկ քանվասի վրայ դիմանկարը, պատրաստուած` յատուկ անոր մահուան 40-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին առիթով, որուն մասնակցելու հրաւէր ստացած էր գեղանկարիչ Լենա Այտընեան` արժանանալով եզակի, յատուկ գնահատանքի: Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Լոնտոնի մէջ ցուցադրած իր պատկերներուն կողքին, իր յառաջիկայ քայլերուն գծով հարցումին անդրադառնալով Լենա Այտընեան կը պատրաստուի յառաջիկայ հոկտեմբերին մասնակցելու Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսի մը: Նմանապէս ան կը պատրաստուի իր մասնակցութիւնը բերել Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դեղագործութեան բաժանմունքի 125-ամեակին առիթով նախատեսուող գեղանկարչական ցուցահանդէսին` իբրեւ այդ բաժանմունքի շրջանաւարտ դեղագործ:

Մարդկային ցաւերն ու դառնութիւնները դրսեւորող արուեստագէտ Լենա Այտընեանի վրձինէն չէր վրիպած նաեւ ազգային թեմայով ու բնոյթով ստեղծագործութիւններու քայլը, ուր ան իւրայատուկ ոճով յատուկ պատկերներ ստեղծագործած է յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` ընդառաջելով այս գծով իրեն ուղղուած հրաւէրի մը:

Լենա Այտընեանի կարծիքով արուեստագէտ մը նախ պէտք է օժտուած ըլլայ ստեղծագործական ներքին մղումով: Նաեւ գոյներու ներդաշնակութիւնը հիմնական է, ինչպէս նաեւ` յարատեւ ճիգը` իրագործելու ներաշխարհի ինքնաբուխ, ոչ արուեստական մղումը: Այլ խօսքով` անսալ ներքին կանչին եւ իրագործել ներաշխարհի հարազատ իղձերը, որքան ալ ծանր ու ճնշիչ ըլլան դժուարութիւնները:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Հարիւր» Ցուցահանդէսը` «Schizzo» Արուեստի Ցուցասրահին Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Արուեստի Հաւաքածոն Հարստացաւ Այտընեանի Նուիրած Գեղանկարով

RelatedPosts

Համազգայինի 95-Ամեակ.  Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի 95-Ամեակ. Սէրուժ Գրաճեան Հմայեց Լիբանանահայութիւնը

Մարտ 20, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Մարտ 20, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Յունաստանի Վարչապետին Հետ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետին Հետ

Մարտ 18, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In