Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած «Հարիւր» Ցուցահանդէսը` «Schizzo» Արուեստի Ցուցասրահին Մէջ

June 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-06-15_103ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մշակութային յանձնախումբը եւ ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժները «Schizzo» արուեստի ցուցասրահին հետ համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը ներկայացնեն «Հարիւր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 5 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Schizo» արուեստի ցուցասրահին մէջ:

Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր «Հարիւր» ցուցահանդէսը, որուն մասնակցած ինը արուեստագէտները տարբեր բնոյթի գործերով շօշափած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան վերածնունդը թեմաները: Անոնք իրենց գործերով կու գան հաստատելու Վիքթոր Հիւկոյի նշանաւոր խօսքը. «Ստեղծագործելը յիշել է»:

«Schizzo» արուեստի ցուցասրահի պատասխանատու, արուեստագէտ Լետա Քէօշքերեան, մանրամասն ներկայացնելէ ետք ցուցադրուած գործերը, ուշադրութիւն դարձուց նաեւ իր պատրաստած մոմակալներուն: Ան ըսաւ, թէ հայկական խաչքարի մը նախշը օրինակ վերցուցած, ապա աւելցնելով արուեստի իր սեփական կնիքը, պատրաստած է պղինձէ եւ քրոմէ հայկական ոճով մոմակալներ, որոնց հիմքը խաչն է, իսկ կերպարը` զուտ հայկական: Արուեստագէտը յայտնեց, որ պղինձը ընտրած է հայկական տուֆ քարի գոյնին համաձայն, իսկ քրոմը ընտրած է այն պատճառով, որ անիկա միակ մետաղն է, որ կը ցոլացնէ իր դիմաց դրուած ամէն բան. ճիշդ այնպէս, ինչպէս հայ ազգի զաւակները, որոնք տարբեր հասարակութիւններու մէջ, աշխարհի բոլոր երկրամասերուն վրայ կը ցոլան իրենց մշակոյթով ու արուեստի տարբեր գործերով:

Ցուցադրուած էին նաեւ Րաֆֆի Թոքաթլեանի եզակի  քանդակները, որոնք իրենց ոճով տարբեր երանգ տուած էին սրահին: Իր գործերով ներկայ էր նաեւ արուեստագէտ Պեռնար Խուրի:

Ուշագրաւ էին Տելֆին Մարգարեանի ամբողջութեամբ մոմով պատուած պղնձեայ մարդ արձանիկները: Մոմին հալելով երեւան կու գայ պղնձեայ արձանը, որ կը խորհրդանշէ ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը:

Իր տեսակին մէջ եզակի էր Վահրամ Աղազարեանի աշխատանքը: Ան գամուած գամերով  պատկերած էր արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներէն հայ ժողովուրդի տարագրութեան ճամբաները դէպի աշխարհի տարբեր ծայրամասեր: Մեծ ու փոքր չափի այս աշխատանքներուն իւրաքանչիւրին աջ անկիւնը ամրացուած են Արարատ լեռէն բերուած քարեր, որոնք կը կրեն պատկանելիութեան հաւաստագիր:

Իսկ Վահան Ռումէլեանի կտաւները մարդկային պայքար մը կը ներկայացնեն, անոնց մէջ ոչ միայն գիծերը, այլ նաեւ գոյներն անգամ մտածել կու տան տարբեր իրադարձութիւններու մասին:

Ցուցահանդէսին Սարա Մելքի հինն ու նորարարականը միացնելով պատրաստած էր հայկական տարազներ` բաճկոն ու բաճկոնակ, որոնց գոյնի ներդաշնակութեան հիմքին մէջ ինկած էր անմոռուկ ծաղիկը: Հետաքրքրական էին նաեւ Ժան Փոլ Քարաճեանի արդուզարդերն ու պատրաստած մանեակներն ու գլխազարդերը, որոնց մէջ նոյնպէս կը ցոլային հայկական նախշերը: Ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած էր վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտերը, որուն գծապատկերները ինքնայատուկ ոճով եւ որակով առաւել խորհրդաւոր եւ ծանրակշիռ դարձուցած էին ցուցասրահը:

Կարելի է հաստատել, որ «Հարիւր» ցուցահանդէսը լաւագոյն ապացոյցն է, որ արարելու համար սահմաններ գոյութիւն չունին, իսկ միջոցները կրնան բոլորովին տարբեր ըլլալ:

Պէտք է նշել, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 13 յունիս 2015:

 

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա 5-րդ Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Եւրոպայի Լաւագոյն Խումբը Եւ… Հեթրիքի Հեղինակ

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի «Մաթոսեան» Սրահին Մէջ Ցուցադրելով Իր Գործերը`. Գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի Գոյներու Եւ Գիծերու Պարային Ներդաշնակումով Ուրուագծած Պատգամաբոյր Երկխօսութիւնը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.