Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Մինաս Թեճիրեանի «Անունովդ Ապրիս» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յունիս 25, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_minas-24

Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին, կիրակի, 21 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մինաս Թեճիրեանի «Անունովդ ապրիս» գիրքին շնորհահանդէսը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան: Ան ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը եւ շնորհաւորեց զինք իր երկարատեւ ծառայութեան աւարտին առիթով:

Բացման խօսքին յաջորդեց «Կռունկ» երգի ներկայացումը` Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն կատարողութեամբ:

Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Արփա Սնապեան-Անտոնեան:

Այնուհետեւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց գիրքին պատրաստութեան հանգրուանները, հեղինակին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ հոգեկան տագնապները:

Ան խօսելով թրքահայերուն մասին ըսաւ, թէ 1920-ական թուականներուն անոնք տակաւին ցեղասպանութեան արհաւիրքները կ՛ապրէին եւ անոնց մասին սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերը շատ քիչ տեղեկութիւններ ունէին:

Ան ըսաւ, թէ հեղինակը իր գրառումներուն ընդմէջէն կ՛ապրէր իր անձին, իր հօր, եւ իր մեծ հօր, ինչպէս նաեւ իր նմաններուն եւ հարազատներուն կեանքը, որ կը ներկայացնէ բոլորին ապրած տառապանքներուն խտացումը:

Ան ըսաւ. «Ես կը զգամ, որ Այնճարը պարոն Մինասին համար բարեբեր եղած է, որովհետեւ ան այստեղ գտած է որոշ խաղաղութիւն մը, որ շատ հասկնալի է, որովհետեւ չեմ կրնար երեւակայել, թէ ուրիշ ո՛ւր կրնար գտնել այս խաղաղութիւնը»:

Հեղինակին սրտին խօսքը արտասանեց Մարինա Աբրահամեան-Փիլաւճեան: Ան ներկայացուց այն բոլոր փորձառութիւնները եւ յիշատակները, որոնք սատարեցին հեղինակի նկարագիրին կերտումին:

Ան ըսաւ, թէ պարոն Մինաս իր գիրքին միջոցով կրցաւ իր մեծ հօր տառապանքները, արհաւիրքները եւ ցաւերը  անոր գանկէն դուրս բերել եւ զանոնք յանձնել գիրքին` մեզի ալ առիթը տալով տեղեկութիւններ ստանալու ցեղասպանութեան տարիներուն կատարուած չարիքներուն մասին:

Ապա Մարիժան Տէր Ատուրեան-Թիւմպերեան Մինաս Թեճիրեանին յանձնեց ծաղկեփունջ մը վարժարանին ուսուցչակազմին անունով:

Մինաս Թեճիրեանի երկարատեւ ծառայութեան աւարտին առիթով` պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան անոր յանձնեց գնահատանքի յուշանուէր մը:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան գիրքէն օրինակներ` հեղինակին մակագրութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

«Կամար» Խորագրեալ Դասական Երաժշտութեան Բարձրորակ Ելոյթը. Զուգանուագ Կատարողութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի Եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի

Յաջորդը

«Դպրեվանքը Դարձաւ Աստուածահիմն Հաւատքի Տաճար, Հոգեիմացական Կազմաւորման Վառարան Եւ Մեր Ժողովուրդին Ձգտումներուն Ու Երազներուն Հնոց» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Մխիթարեաններու 325-Ամեակին` 41 Արուեստի Գործի Նուէր Եւ Համերգ
Գաղութային

Մխիթարեաններու 325-Ամեակին` 41 Արուեստի Գործի Նուէր Եւ Համերգ

Նոյեմբեր 14, 2025
Մեր Կորուստները
Գաղութային

Մեր Կորուստները

Նոյեմբեր 13, 2025
Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ
Գաղութային

Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?