Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

June 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_sarga-22Կիրակի, 21 յունիս 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բարձր տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Բ. ընծայարանի սաները` Աւետիս Կիս. սրկ. Ասայեան, Նարեկ Կիս. սրկ. Յովհաննէսեան, Յովհաննէս Կիս. սրկ. Սելլումեան, Նորայր Կիս. սրկ. Տալգլըճեան եւ քահանայից պատրաստութեան դասարանի ուսանող` Բաբգէն Կիս. սրկ. Զէնեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին սարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացան:

Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Յընթացս սուրբ պատարագին, խարտաւիլակ հայր սուրբին` Շնորհք աբղյ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր Ս. խորան բարձրացան, ուր անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք, անոնք հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն եւ ուխտեցին նուիրուիլ հայ եկեղեցւոյ եւ Ս. Սեղանի ծառայութեան: Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը անոնց ուսերուն վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Ս.  Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու ու բուրվառով Աստուծոյ անուշ բոյրը խնկելու իշխանութիւնը:

Ձեռնադրութեան աւարտին խօսք առնելով` սրբազան հայրը ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադարձաւ սարկաւագի անձին, նկարագիրին եւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իր ունեցած դերակատարութեան: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն, ըսաւ. «Այսօր, իբրեւ նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագներ, ձեր կեանքի ընթացքին պէտք է ունենաք հիմնական երեք սկզբունքներ` ա) Աստուծոյ, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կատարած ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ անսխալ, անթերի եւ կատարեալ, բ) Ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ ամբողջական ու անսակարկ եւ գ) Ձեր ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական սկզբունքներուն. այսինքն, պէտք է ծառայէ՛ք այնպէս, ինչպէս այս Սուրբ աթոռը կը հաւատայ եւ կը պահանջէ ձեզմէ իւրաքանչիւրէն»: Իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ ձեռնադրեալներուն ծնողները:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագները` առաջնորդութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանին եւ տեսչութեան միւս անդամներուն, բարձրացան վեհափառ հայրապետին գրասենեակը: Վեհափառ հայրապետը իր հայրական յորդորներն ու թելադրութիւնները փոխանցեց անոնց եւ գնահատեց դպրեվանքի տեսչութիւնը: Ապա, նորաօծ սարկաւագները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ «Յառաջ»-ի Բազմամեայ Խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեան

Յաջորդը

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Հայ Դասական Երգարուեստը Հրամցուց Հանդիսատեսին

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.