Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Նախագահը Լիբանան Կ՛այցելէ

June 26, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի Օր Համահայկական 6-րդ Խաղերու
Ջահավառութեան Պաշտօնական Արարողութիւն`
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 28 յունիսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահավառութեան պաշտօնական արարողութիւնը` ներկայութեամբ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան:

Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Լիբանան կը հասնին այսօր` ուրբաթ, 26 յունիսին: Շաբաթ, 27 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:45-ին պատուիրակութեան առաքելութեան մասին մամլոյ ասուլիս պիտի տրուի Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը կը մեկնի Այնճար` այցելութիւններու շարք մը տալու համար տեղւոյն ազգային կառոյցներուն եւ ներկայ գտնուելու համար երաժշտական համերգի:

Կիրակի օր, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք ջահավառութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք, Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վեհարանին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ: Ապա, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Իշխան Զաքարեան Համահայկական 6-րդ խաղերուն մասին յատուկ հարցազրոյց պիտի տայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին: Իսկ երեկոյեան պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն, ուր ի պատիւ պատուիրակութեան պիտի տրուի յատուկ ճաշ եւ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական երեկոյ:

10-12 հոգինոց պաշտօնական պատուիրակութեան Լիբանան կեցութեան վերջին օրը` երկուշաբթի, 29 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, պատուիրակութիւնը Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Արդ, խիստ փափաքելի է, որ հայորդիները խուռներամ ներկայ գտնուին կիրակի օր Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք ջահավառութեան պաշտօնական արարողութեան` մասնակիցը դառնալու համար համահայկական այս իրադարձութեան:

 

Նախորդը

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդանի Ժողովներուն, Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Ազգային Սահմանադրութիւն Եւ Ազգային Տուրք

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.