Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դպրեվանքը Դարձաւ Աստուածահիմն Հաւատքի Տաճար, Հոգեիմացական Կազմաւորման Վառարան Եւ Մեր Ժողովուրդին Ձգտումներուն Ու Երազներուն Հնոց» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունիս 25, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-22-15_tbr-241

Երկուշաբթի, 22 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս.  Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

6-22-15_tbr-242
Գէորգ Հաճեան

Բացման խօսքը կատարեց դպրեվանքի հսկիչ Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, որ բարի գալուստ մաղթեց վերանորոգուած ու վերանորոգող Ս. Աստուածածին վանքի վեհավայրին մէջ: Ապա, բեմ հրաւիրեց հայ դասական ու հոգեւոր երգերու մեկնաբան եւ դպրեվանքի շրջանաւարտ թենոր Գէորգ Հաճեանը, որ փակման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կրօնական, դասական ու ազգայնաշունչ երգերով, ընկերակցութեամբ` դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանին: Շրջանաւարտ սաներուն անունով ուղերձ կարդաց  Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:

Դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան ներկայացուց տեսչական տարեկան տեղեկագիրը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ դպրեվանքի միամեայ գործունէութեան եւ 85-ամեայ առաքելութեան. «85 տարիներ անընդմիջաբար, դպրեվանքը եղաւ ցորենի այն բերրի արտը, ուր ծլարձակեցան Աստուծոյ Սուրբ խորանին ատոք հասկերը, եւ տէրունական այն այգին, ուր դաստիարակուեցան հոգեւոր մատռուակներ` ոգեղէն երջանկութիւն մատակարարելու համար մեր ժողովուրդին: 85 տարիներ անձանձիր, ուսման ծարաւ աշակերտներու համար դպրեվանքը եղաւ իմացական եւ հոգեւոր զարգացումի այն ուսումնարանը, որուն բեղմնաւորող արգանդէն լոյս աշխարհ եկան մտաւորական եւ գրասէր բազում սերունդներ»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վեհափառ հայրապետը, որ կատարեց շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներուն վկայականներու բաշխումը: Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ նախկին հայրապետներուն` յատկապէս Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի ապագայատեսիլ երազին ու վճռականութեան, որուն առաջին գործը եղաւ Անթիլիասի մէջ հիմնել դպրեվանքը, որ մեր տարագիր ու ցեղասպանեալ ժողովուրդին համար հանդիսացաւ հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան փարոս:

Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ. «Նախ եւ առաջ դպրեվանքը դարձաւ աստուածահիմն հաւատքի տաճար, ուր մենք բացուեցանք Աստուծոյ: Եկեղեցւոյ կողքին եկեղեցի դարձաւ դպրեվանքը, ուր մենք հաղորդուեցանք Աստուածաշունչին եւ Աստուածաշունչը իրենց կեանքին մէջ ապրած մեր սուրբերուն եւ հայրապետներուն հոգեւոր արժէքներուն հետ: Դպրեվանքին մէջ լեցուեցանք աստուածային շնորհներով. հաւատքը դպրեվանքի կեանքին սիւնը հանդիսացաւ:

«Երկրորդ, դպրեվանքը եղաւ ու մնաց հոգեիմացական կազմաւորման վառարան: Դպրեվանքին մէջ սովորական ուսում չստացանք` դաս ու դասագիրք, գրասեղան ու դասարան չեղաւ դպրեվանքը, այս բոլորէն վեր` ոգի եւ հաւատք դարձաւ: Մեր կազմաւորման մէջ դպրեվանքը իր դրոշմը ձգեց այնպիսի կազմաւորում տալով մեզի, որուն նպատակը մէկ բան էր` ծառայել Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին անսակարկ կերպով եւ ամբողջական նուիրումով:

«Վերջապէս, դպրեվանքը դարձաւ ու մի՛շտ մնաց մեր ժողովուրդին ձգտումներուն ու երազներուն հնոցը»: Իր խօսքի աւարտին, ան գնահատեց դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին բծախնդիր աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բարերարներու գիտակից յանձնառութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին երգուեցան «Կիլիկիա»-ն ու Հայրապետական մաղթերգը,  ապա վեհափառ հայրապետը պահպանիչ աղօթքով օրհնեց ներկաները:

 

 

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Մինաս Թեճիրեանի «Անունովդ Ապրիս» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

Գագիկ Աբրահամեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի  Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը

Մարտ 23, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In