«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, համեմատաբար նախորդ օրերու սուր տագնապին, բարելաւուած է: Հոսանքը կը միանայ օրական շուրջ 6 ժամ, իսկ ջուրը հասանելի է արդէն շատ մը շրջաններու: Համացանցային ծառայութիւնը կը շարունակէ խափանուած մնալ: Իսկ ապահովական առումով վիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ:
Երէկ` երկուշաբթի, 27 յուլիսի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Նայյալ թաղամասի մուտքին արձակած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ մէկ զոհ, երէկ գիշեր հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ նաեւ Նոր Գիւղ շրջանը, ուր արձանագրուեցան նիւթական վնասներ: