Գաղութային

«Կանգառ» Կազմակերպեց  Իր Առաջին Ցուցահանդէսը` «Խաչմերուկ»-ը

«Կանգառ» Կազմակերպեց Իր Առաջին Ցուցահանդէսը` «Խաչմերուկ»-ը

Ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կանգառ» իր դռները բացաւ հանրութեան, ընթացք տալով իր անդրանիկ ձեռնարկին` «Խաչմերուկ»-ին: Գեղանկարչական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս արուեստագէտներ` Գօգօ Աւեսեան, Յովիկ Աֆարեան, Մուշեղ Գարավարդանեան եւ Սերժ Մանուկեան: Թէեւ մասնակից արուեստագէտներուն առաջին գեղանկարչական ցուցահանդէսը չէր, սակայն առաջինն էր իր տեսակին մէջ` «Կանգառ»-ին տրամադրած գետնայարկ մշակոյթին մէջ (underground culture): Այս մասին խօսելով մասնակից գեղանկարիչներէն...

Այնճարի Մէջ.  Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը.  Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային  Պատմութիւն (1919-1939)» Նորատիպի Շնորհահանդէսը

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-1939)» Նորատիպի Շնորհահանդէսը

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուրբաթ, 21 օգոստոս  2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939)» (անգլերէնով) նորատիպի շնորհահանդէսը: Հատորը հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանին կողմէ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Պոյաճեան-Գարայեանը: Ան ներկայացուց Մուսա լերան...

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղին.  Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան  22-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղին. Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 22-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Արցախեան ազատամարտի նուիրեալ, գաղափարապաշտ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը յարգելու առիթ մը ստեղծեց  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը` կազմակերպելով Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 22-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ մը երէկ` ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց: ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի մուտքը պատած պաստառը կը պատգամէր Մհեր Ջուլհաճեանի խօսքը. «Նպատակը կը մնայ նոյնը. «Դէպի երկիր»  կոչը կը մնայ ի...

Լեւոն Զեքի Ետալեան Կը Շարունակէ Ստանձնել «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքի Հովանաւորութիւնը

Լեւոն Զեքի Ետալեան Կը Շարունակէ Ստանձնել «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքի Հովանաւորութիւնը

«Ազդակ»-ի բարեկամներէն, Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան երրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը շարունակէ ստանձնել «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի հրատարակութիւնը: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը  այսօրուան դրութեամբ առօրեայ հերթականութեամբ կը թարմացուի յատկապէս հայ քաղաքական գործընթացներուն վերաբերող լրատուութիւններով: Անոր բովանդակութեան մէջ կը ներառուին նաեւ արաբատառ մամուլի արձագանգները Հայոց ցեղասպանութեան, հայ-թուրք...

Հալէպի Շտապ Օգնութեան Մարմինը  Կը Շարունակէ Կատարել Իր Առաքելութիւնը

Հալէպի Շտապ Օգնութեան Մարմինը Կը Շարունակէ Կատարել Իր Առաքելութիւնը

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` չորեքշաբթի, 19 օգոստոս 2015-ին, կէսօրէ առաջ Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը շարունակեց կատարել իր առաքելութիւնը: Մարմինի կամաւոր աշխատողներուն միջոցով նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ կարիքաւոր հայորդիներու, որոնք  նախապէս արձանագրուած էին եւ անոնց համար համապատասխան թղթածրարներ պատրաստուած էին: Նշենք, թէ տարիներէ ի վեր Սուրիոյ վիճակուած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններուն բերումով վատթարացած են եւ սաստկացած ժողովրդային կարիքներն ու...

Երեւանի Մէջ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակը`  Թանգարանի Բացումով Եւ Աւանդական Հերիսայով

Երեւանի Մէջ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակը` Թանգարանի Բացումով Եւ Աւանդական Հերիսայով

20 սեպտեմբերին մեծ շուքով պիտի նշուի Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը. այս առիթով յատկապէս կը նախատեսուի բացումը Մուսա լերան հերոսամարտին  նուիրուած թանգարանին, որ կառուցումէն շուրջ 40 տարի ետք կ՛ենթարկուի շինարարական եւ նախապատրաստական աշխատանքներու: Այդ առիթով ամբողջութեամբ պիտի փոխուի թանգարանին տեսքը, եւ աւելի քան 5000 ցուցանմուշները նոր ձեւով պիտի ներկայացուին: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մուսա լերան հերոսամարտի թանգարանի պատասխանատուներէն Լուսինէ Ոսկանեան...

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական  Եւ Ուսանողական Միութիւններու  Բանակում` Բիւրականի Մէջ

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

11-էն 15 օգոստոսին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարեկան բանակումները: Ազգային երգ ու պար, դասախօսութիւններ, մարզումներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն, խարուկահանդէսներ. Բիւրականի մէջ 5  օրեր շարունակ այս առօրեան ապրեցան 120 դաշնակցական երիտասարդներ` հանրապետութեան տարբեր մարզերէ ու Արցախէն համախմբուած: Անոնք բաժնուեցան քանի մը խումբերու, որոնք կը կրէին ազատագրական պայքարի հերոսներու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան...

Բիւրականի Մէջ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի  Բանակումի Պաշտօնական Փակում

Բիւրականի Մէջ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Բանակումի Պաշտօնական Փակում

Բիւրականի մէջ կեդրոնական խարուկահանդէսով այս օրերուն փակումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի տարեկան բանակումին, որուն կը մասնակցէին 150 սկաուտներ, որոնք խումբերու բաժնուելով` խմբապետներուն առաջնորդութեամբ, կը գործադրէին իրենց յայտագիրները: Առաւօտեան` մարմնամարզանք, ապա նախաճաշ, խաղեր, երգ ու պար, ընկերային միջավայր եւ դասախօսութիւններ. օրինակ` ինչպէս կարելի է անտառին մէջ ապրիլ օգտուելով բնութեան միջոցներէն եւ միեւնոյն ատեն զերծ մնալ ամէն տեսակ վտանգներէ: Բանակումը թէ՛ հաճելի ժամանցի կը...

Էսկիւրանի Մէջ Մեծ Շուքով Եւ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը

Էսկիւրանի Մէջ Մեծ Շուքով Եւ Հանդիսաւորութեամբ Նշուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, թէ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, կիրակի, 16 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ: Օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը: Ապա տեղի ունեցաւ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն` հոծ բազմութեան...

Հալէպի Տարածքին Ջրամատակարարումը Թէեւ Ոչ Ամբողջովին` Կը Վերականգնի

Հալէպի Տարածքին Ջրամատակարարումը Թէեւ Ոչ Ամբողջովին` Կը Վերականգնի

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ շաբաթ, 15 եւ կիրակի, 16 օգոստոս 2015-ին, շաբաթներէ ի վեր անջատումէն ետք, Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի մատակարարումը, թէեւ ոչ ամբողջովին, սակայն աստիճանաբար վերականգնեցաւ: Նշենք, թէ ջուրի հոսքը ոչ ամէն տեղ կը հասնի, յատկապէս շէնքի յարկերը չի բարձրանար, հետեւաբար անհրաժեշտ է ջուր քաշող շարժակ ունենալ, անշուշտ այդ ալ կը պահանջէ ելեկտրականութիւն: Տարիներէ ի վեր...

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ  Հազարաւոր Ուխտաւորներ Կը Մասնակցին  Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Հազարաւոր Ուխտաւորներ Կը Մասնակցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Պիքֆայայի Ս.  Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցան ժամերգութիւն, Ս. Գրոց սերտողութիւն, հոգեւոր լսարան, մատաղի պատրաստութիւն, այցելութիւն վեհափառ հայրապետին եւ աջահամբոյր: Ամբողջ շաբթուան մը աղօթքով, հոգեւոր եւ ուխտի տրամադրութեամբ զեղուն մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագով, որ մատուցեց Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեան, շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան: Եկեղեցական արարողութեան...

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը` Զմմառու Մէջ  Տօն Անուանակոչութեան Զմմառու Մայրավանքի

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը` Զմմառու Մէջ Տօն Անուանակոչութեան Զմմառու Մայրավանքի

Աւելի քան 260 տարիներ շարունակ Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ ծառայող Զմմառու պատրիարքական կղերի  միաբանութեան վարչական հայրերը, վերափոխման օրը յաւուր պատշաճի կը մեծարեն իրենց բարեխօսը` հայցելով անոր գթութիւնը եւ միջնորդութիւնը` «Տիրամայր Զմմառու, Աղօթեա՛ վասն մեր»: Այս տարի եւս անխախտ մնաց աւանդութիւնը եւ շաբաթ, 15 օգոստոս  2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, արաբերէնով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Փարիզի առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Պատարագին...

Ս. Աստուածածնայ  Վերափոխման Տօնը` Այնճարի Մէջ.  Ժողովրդային Տօնախմբութիւն  Եւ Մատաղի Պատրաստութիւն

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Այնճարի Մէջ. Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Մատաղի Պատրաստութիւն

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով շաբաթ, 15 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի հայ կաթողիկէ Ս. Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն` կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետութեան, ՀԿԵՄ-ի եւ տիկնանց միութեան: Տօնախմբութեան ընթացքին կազմակերպուած էր տօնավաճառ եւ Մուսա լերան աւանդական ուտեստեղէններու վաճառք, պատրաստուած` տիկնանց միութեան կողմէ, կազմակերպուած էին նաեւ մանուկներու յատուկ խաղեր: Տօնախմբութեան բացումը կատարեց Ժանօ Փամպութեան, որ...

Գեղարուեստական Երեկոյ` Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Գեղարուեստական Երեկոյ` Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով եւ կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ), ուրբաթ, 14 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին (ղեկավարութեամբ` Մկրտիչ Միքայէլեանի), տուտուկահար Յակոբ Քելուկեանի, շուի եւ ֆլիւթ Կարօ Սուաքճեանի, ինչպէս նաեւ ՀԵՀՈՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու: Բացման խօսքը կատարեց Դալար Թաթոյեան: Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբի հայ եւ օտար երաժշտութիւններու ներկայացումով ու ասմունքով, որմէ ետք...

Այնճարի Մէջ.  Վարուժան Արք. Հերկելեանի Հրատարակութիւններուն  Նուիրուած Գրական Երեկոյ

Այնճարի Մէջ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի Հրատարակութիւններուն Նուիրուած Գրական Երեկոյ

Երէկ` ուրբաթ, 14 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին, տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը` նուիրուած Վարուժան արք. Հերկելեանի հրատարակութիւններուն: Ձեռնարկը նուիրուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի Նահատակ Սամուէլ Պոյաճեանի յիշատակին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75...

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Գաբրիէլ Փանոսեանի  Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գաբրիէլ Փանոսեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

13 օգոստոսին Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է լիբանանահայ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ  Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան,  ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նոյն...

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը  Մարտունիի Մէջ Կրկին Ճամբար Կազմակերպած Է

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը Մարտունիի Մէջ Կրկին Ճամբար Կազմակերպած Է

«Երկիր մետիա» կը հաղորդէ, որ Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ 12 օր շարունակ աւելի քան 180 պատանի իրենց ամառնային հանգիստը անցուցին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ճամբարին: Արդէն 4-րդ տարին է, որ լիբանանահայ դաշնակցական երիտասարդները Մարտունիի  փոքրիկներուն համար կազմակերպած են աշխուժ ծրագիր: Այս անգամ ճամբարային ծրագիրի նիւթը հիմնականին մէջ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով.  «Դէպի Նոր Հարիւրամեակ» Խորագիրով  Հաւաքական Ցուցահանդէս

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Դէպի Նոր Հարիւրամեակ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ  «Դէպի նոր հարիւրամեակ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ` հովանաւորութեամբ մեթր Ժաք Չուխատարեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 մուսալեռցի արուեստագէտներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրէյս Պապոյեան-Լոճիկեան: Ան...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով.  «Անձեռնմխելի Արմատներ»  Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Անձեռնմխելի Արմատներ» Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անձեռնմխելի արմատներ» խորագիրով ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ 2004-ին եւ 2010-ին մուսալեռցիք բախտաւորութիւնը ունեցան այցելելու իրենց պապենական գիւղը, որ երկար...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան  Ամառնային Դպրոցի Հանդէս

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Հանդէս

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութեան տարեկան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաստատութեան ամառնային դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը: 1960-ականներու եւ 1970-ականներու սերունդներու հայերէն շատեր վստահաբար կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս իրենց մանկութեան օրերուն, յետմիջօրէներու թէ ազատ ժամերուն կը յաճախէին Պուրճ Համուտի երբեմնի հայաբնակ համեստ թաղամասին մէջ գտնուող «Գարակէօզեան» կեդրոն կամ...

Page 336 of 364 1 … 335 336 337 … 364

Արխիւներ