Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-1939)» Նորատիպի Շնորհահանդէսը

Օգոստոս 22, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

anj-3_8-21-15

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուրբաթ, 21 օգոստոս  2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939)» (անգլերէնով) նորատիպի շնորհահանդէսը:

anj-2_8-21-15

Հատորը հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանին կողմէ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Պոյաճեան-Գարայեանը: Ան ներկայացուց Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Պաղտասար Մարտիկեանի կենսագրականը, որուն յիշատակին կազմակերպուած էր սոյն ձեռնարկը:

Ապա ան ներկայացուց դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի կենսագրականը` մատնանշելով անոր կատարած ուսումնասիրութիւնները եւ հետազօտութիւնները Մուսա լերան հայերուն կեանքին մասին: Ան յիշեց  նաեւ դոկտ. Շամմասեանի ստացած գնահատագիրները` անոր կրթական եւ ակադեմական ներդրումներուն համար:

Ապա ասմունքով հանդէս եկաւ Պարոյր Ղուկասեան, որմէ ետք Սիլվա Քեչեճեան կատարեց երկու հայկական ժողովրդային երգեր:

anj-1_8-21-15Այնուհետեւ Հայկազեան համալսարանի դասախօս եւ Սփիւռքի ուսումնասիրական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան ներկայացուց «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939)» նորատիպը:

Ան իր խօսքը սկսաւ յարգանքի տուրք մատուցելով Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ հայ դիմադրական ու ինքնապաշտպանական գործողութիւններու մասնակցողներուն եւ նահատակներուն, տեղահանութեան շրջանին իրենց պատիւն ու ինքնութիւնը արիաբար պաշտպանած հայերուն, փրկարար եւ ազատագրումի աշխատանքներուն նպաստած հայ եւ ոչ հայ նուիրեալներուն:

Դոկտ. Տաքէսեան առաջին մասով ներկայացուց հատորը եւ անոր բովանդակութիւնը, որ կը նկարագրէ մուսալեռցիներուն վերադարձը դէպի իրենց պապենական հողը եւ 1919-էն 1939 թուականներուն անոնց  կեանքը: Ան ըսաւ, թէ հատորը կը ներկայացնէ մուսալեռցիներուն ընկերային-դասակարգային կառոյցը, կենցաղը, սովորութիւնները, աւանդութիւնները, աշխատանքային ծիրը` երկրագործութիւնը եւ անասնապահութիւնը, առեւտուրը, գործի ասպարէզները, արհեստները  եւ ճարտարարուեստը, մշակութային դրսեւորումները, պանդխտութիւնը դէպի Մերձաւոր Արեւելքի մօտաւոր եւ հեռաւոր երկիրներ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէ եկող զբօսաշրջիկներուն ամառնային հանգիստ տրամադրող Մուսա լերան զբօսաշրջային ճարտարարուեստը:

Ան ըսաւ, թէ գիրքը կ՛աւարտի վերջաբանով մը, որ կը նկարագրէ մուսալեռցիներուն հերթական ելիցը իրենց պապենական հողէն եւ հաստատումը Այնճարի տարածքին վրայ:

Դոկտ. Տաքէսեան երկրորդ բաժինով ներկայացուց գիրքին բովանդակութեան յառաջացումը` նշելով հեղինակին աղբիւրները: Ան ըսաւ, թէ դոկտ. Վահրամ Շամմասեան գիրքին մանրամասնութիւնները հաւաքած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ՀԲԸՄ-ի, Մխիթարեան միաբանութեան, Ազգային պատուիրակութեան, Հալէպի, Եգիպտոսի, Պոսթընի, ՀՕՄ-ի, Մթայլեպի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, ՄԱԿ-ը նախորդած Ազգերու լիկայի, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւներէն, որոնք իրենց հարուստ եւ վաւերական նիւթերով փաստագրական ողնասիւնը կազմած են սոյն հատորին:

Դոկտ. Տաքէսեան վերջին բաժինով ներկայացուց գիրքին գնահատականը` ըսելով, թէ «հատորը շատ յաջող ճիգ մըն է վերականգնելու եւ վերակերտելու Մուսա լերան 6 գիւղերուն պատմութիւնը 1919-էն 1939 ժամանակաշրջանին: Նման բախտի չէ արժանացած արեւմտահայ կամ կիլիկիահայ  այլ հատուած մը: Մուսա լեռը, նամանաւանդ մերօրեայ Այնճարը, յատուկ համեմ է: Համահայկական աշխարհը պէտք ունի միշտ նորացուած  համ ու հոտի: Այնճարը եւ այնճարցին առարկայական, ենթակայական եւ պարագայական կարեւոր առաւելութիւններ ունին, որոնք կը դառնան այդ հիմնական աղերէն մին»:

Դոկտ. Տաքէսեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ դոկտ. Վահրամ Շամմասեան լաւապէս գիտակցած է իրեն տրուած կարելիութիւններուն եւ շնորհներուն ու գերազանցելով ինքզինք իւրովի տուած է իրեն շնորհուածէն, եւ կրցած է լաւատեսօրէն դիտել, վերլուծել եւ շարադրել իր վերականգնած իրականութիւնը Մուսա լերան յետ-եղեռնական քսանամեակին:

Գիրքին ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ հատորի շնորհահանդէսը եւ օրհնութիւնը գիւղի հոգեւոր հայրերուն ձեռամբ:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղին. Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 22-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?